image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Ինչ թեմաներու մասին խօսած են Ալիեւ եւ Էրտողան

Պոլսոյ մէջ. Ինչ թեմաներու մասին խօսած են Ալիեւ եւ  Էրտողան

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը 25 փետրուարին, հանդիպած են Պոլսոյ մէջ, քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուական միջոցները:

«Զրոյցի ընթացքին նախագահները քննարկած են քաղաքական, տնտեսական, առեւտուրի, ուժանիւթի, ռազմական եւ ռազմատեխնիկական ոլորտներու մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան հետագայ խորացման հեռանկարները: Բացի այդ, Ալիեւը եւ Էրտողանը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղ օրակարգի վերաբերեալ»,- նշուած է Ատրպէյճանի նախագահի կայքը տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

Ալիեւը յայտարարած է Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ աջակցութեան մասին:

Էրտողանն, իր հերթին, «երախտագիտութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի ղեկավարին՝ Թուրքիա կատարած այցին, Ատրպէյճանի կողմէ առաջին իսկ օրուընէ ցուցաբերած աջակցութեան եւ համերաշխութեան համար», ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ «Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը միշտ կողք կողքի են»:

Ալիեւ շնորհաւորած է Էրտողանը յառաջիկայ ծննդեան օրուան կապակցութեամբ: