image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ քաղաքապետը կը կանխատեսէ Էրտողանի պարտութիւնը

Պոլսոյ քաղաքապետը կը կանխատեսէ Էրտողանի պարտութիւնը

Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու, որ Թուրքիոյ առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմադիր հաւանական թեկնածուներէն մէկն է, յայտարարած է, որ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան պիտի չյաջողի յաղթել ընտրութիւններուն։

Ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ՝ Իմամօղլու Habertürk հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է.

«Ես պիտի աշխատիմ այն որոշումի ծիրին մէջ, որ կը կայացնեն ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւններու առաջնորդները։ Կը կարծեմ, որ իշխանութիւնը չի կրնար յաղթել ընտրութիւններուն։ Ով որ ըլլայ ընդդիմութեան թեկնածուն, մենք պիտի յաղթենք»։

Կը սպասուի, որ այսօր յայտնի կը դառնայ այն թեկնածուի անունը, որ ընտրութիւններուն պիտի ներկայացնէ միաւորուած ընդդիմութիւնը։ Ամենահաւանական թեկնածուն կը համարուի ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։