Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ արք. Մաշալեան այցելած է «Իսթիքլալ» պողոտայ, ուր յարգանքի տուրք տուած է անցեալ կիրակի օր տեղի ունեցած պայթումի զոհերու յիշատակին։
Այս մասին կը կարդանք Պատրիարքարանի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 16 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, այցելեց Իսթիքլալ պողոտայ, ուր 13 Նոյեմբեր կիրակի յետ միջօրէին պատահած էր ահաբեկչական պայթում մը, որուն հետեւանքով 6 հոգի մահացած եւ աւելի քան ութսուն հոգի վիրաւորուած էին։
Նորին Ամենապատուութիւնը պայթումի վայրը զետեղեց կարմիր վարդեր եւ պահ մը յոտնկայս լռութենէ ետք աղօթք արտասանեց։
Նոյն օր, Պէյօղլուի Քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած «Միութիւն եւ Միասնութիւն» ձեռնարկին յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցան թաղի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան եւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քօփարեան, որոնք Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւնները ներկայացուցին Քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըտըզի։