image

Պոլսահայ քահանան իր ծննդավայրը վերադարձած է՝ ծառայութեան համար

 Պոլսահայ քահանան իր ծննդավայրը վերադարձած է՝ ծառայութեան համար

Բնիկ Պոլսեցի քահանայ Արժ. Տ. Թէոդիկ քհնյ.Չեթինքայան որոշած է իր ծննդավայրը վերադառնալ ու անցնիլ հոգեւոր ծառայութեան իր ծննդավայրէն ներս։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն։

Բարի ծառայութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք երիտասարդ եւ նուիրեալ Տէր Հօր։

 Ստորեւ այդ մասին եղած լրատւութիւնը

 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Հոկտեմբեր 2024, Երկուշաբթի առաւօտ, ընդունեց Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայայի այցը:

Տէր Հայրը եկած էր պաշտօնապէս ներկայանալու մեր Հոգեւոր Պետին եւ ստանալու համար՝ օրհնութիւնն ու աղօթքը: Ինչպէս ծանօթ է, բնիկ Ստանպուլահայ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, տարիներ առաջ մեկնած էր Հայաստան, ուսանած՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի մէջ, աւարտելէ ետք քահանայ ձեռնադրուած էր ու կը ծառայէր նախ Մայր Աթոռոյ մէջ, հուսկ՝ Մասեացոտն թեմի մէջ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրամանաւ Տէր Հայրը ազատ կացուցուած էր Մայր Աթոռոյ եւ թեմական պաշտօններէն եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր թոյլտուութեամբ վերադարձած էր քաղաքս։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նկատի ունենալով, որ Տէր Հայրը վերջնականօրէն հաստատուած է իր ծննդավայրը, օրհնեց զայն, որոշեց, որ մաս կազմէ Աթոռոյս քահանայից դասուն եւ նշանակեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութեան պաշտօնին ու կարողութիւն մաղթեց իրեն նոր առաքելութեան մէջ: