Հայ եւ թուրք լրագրողները «Հայաստան-Թուրքիա մետիա շրջայց»ի ընթացքին այցելած են Պոլիս բնակող հայ գործարար Արետ Նիշան Թոփուզօղլուին (Արետ Նշան) պատկանող «Topuz Soğutma Isıtma Sanayi ve Ticaret A.Ş.» ընկերութիւնը եւ ծանօթացած անոր գործունէութեան, արտադրատեսակներուն ու արտածման ուղղութիւններուն։ Նշենք, որ ընկերութիւնը կերպընկալէ (փլասթիքէ) մասերէ կը պատրաստէ լուացքի մեքենաներու եւ կենցաղային այլ սարքերու պահեստամասեր։
Հայ եւ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Արետ Նշան անդրադարձած է ընկերութեան գործունէութեան, Հայաստան-Թուրքիա առեւտրական կապերուն, երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան հնարաւորութիւններուն եւ սահմաններու վերաբացման հեռանկարներուն։
Հայ գործարարը նշած է, որ մինչեւ 2000 թուականը գործակցած են Թուրքիոյ մէջ յայտնի «Arçelik» ընկերութեան հետ, որ կենցաղային սարքեր կը պատրաստէ, ներառեալ՝ լուացքի մեքենաներ, սառնարաններ եւ աման լուալու մեքենաներ։ Ան յայտնած է, որ իր ընկերութիւնը հիմնականին մէջ Իտալիայէն եւ Չինաստանէն ներածումներ կը կատարէ, իսկ արտադրանքը կ՚արտածէ Եւրոպական Միութեան երկիրներ եւ Թուրքիոյ սահմանակից պետութիւններ։
Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններուն անդրադառնալով՝ Արետ Նշան նշած է, որ իր ընկերութիւնը առաջին անգամ Հայաստան ապրանք արտածած է շուրջ ամիս մը առաջ։ Ան նաեւ յայտնած է, որ մինչ այդ ընկերութիւնը դէպի Հայաստան արտածում չէր կատարած։ Ան ընդգծած է, որ դէպի Վրաստան արտածումներուն ծաւալը զգալիօրէն աճած է։
«Անշուշտ, կը մտածեմ դէպի Հայաստան արտածումներ կատարելու մասին։ Արդէն իսկ բազմաթիւ երկիրներ կ՚արտածենք եւ կը կարծեմ, որ ընկերութեանս արտադրանքը հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ Հայաստանի մէջ։ Մօտ ապագային կը ծրագրեմ այցելել Հայաստան եւ հաւանաբար ձեր այսօրուան այցելութիւնը պիտի արագացնէ այդ գործընթացը»,– ընդգծած է հայ գործարարը։
«Երբ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուի, շատ պիտի փափաքիմ, որ ընկերութիւնս եւ անոր արտադրանքը ներկայացուին Հայաստանի մէջ»,– եզրափակած է Արետ Նշան։