Պոլսահայ երգչուհի՝ Սիպիլ կը գրէ.
«Այս անուշիկ աղջկան անունը Անայիս է: Տարի մը առաջ էր որ ծանօթացած էի իրեն հետ Հայաստանի մէջ: Երբ նստած էի սրճարանի մը մէջ, այս անուշիկ աղջիկը քիչ մը ամչնալով քովս մօտեցած եւ ըսած էր «դուք երգչուհի Սիպի՞լն էք» ու յետոյ իր ժամացոյցէն իմ նկարը ցոյց տուած: Շատ ուրախացած եւ տպաւորուած էի: Այդ օր ողջագուրուած ու հրաժեշտ առած էինք իրարմէ:
13 Մայիսի Պարսկաստանի համերգի աւարտին՝ ծաղկեփունջ եւ իմ ձայնասկաւառակը ի ձեռին՝ ժպտերես ու գեղեցիկ աղջնակ մը մօտեցաւ ինծի: Այն ատեն հասկցայ որ նախապէս Հայաստանի մէջ ծանօթացած էի իրեն հետ: Այդ երեկոյ մեծ նշանակութիւն ունէր իր ներկայութիւնը: Անձիս համար անգին է անկեղծ ու անշահախնդիր սէրը: Երախաները անկեղծ ու անմեղ են: Անայիսի աչքերուն մէջ այնքան տեսանելի էր որ անձիս հանդէպ ջերմ ու անկեղծ սէրը... Շատ բախտաւոր կը զգամ ես ինծի որ կ'արժանանամ իրենց սիրոյ: Շնորհակալ եմ սիրուն աղջիկ, շուտով դարձեալ հանդիպելու յոյսով...»։