Օրերս Պոլսոյ Պաքըրգիւղ թաղամասի հայկական Տատեան վարժարանին մէջ տօնական մթնոլորտով մը նշուած է ամէնամեայ աւանդոյթ ունեցող՝ «Ընթերցման տօն»ը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնպկից «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ արտասովոր խանդավառութեան բեմահարթակը հանդիսացաւ։ Փոքրիկներուն հանդէսը ունէր նաեւ վաղուան Մայրերու օրուան յատկացուած բաժին մը։ Տղաքը յաջող ելոյթներով արժանացան բոլորի ծափահարութիւններուն։ Դասարանի ուսուցիչները՝ Քումրու Թիւֆեքճի, Մելանի Տիլարա Սարըքայա եւ Ապտիւլսելամ Պոզքուշ այս հանդէսի կազմակերպչական աշխատանքները վերահսկած էին՝ համագործակցելով նաեւ վարժարանի ուսուցչաց կազմէն այլ դէմքերու հետ։ Արդիւնքը իսկապէս եղաւ փայլուն, որովհետեւ տղաքը արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը։
Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն ալ հանդէսի աւարտին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու արձանագրած յաջողութեան մասին, նաեւ գնահատեց անոնց ուսուցիչները։
Հուսկ, փոքրիկները ստացան ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած նուէրները եւ այսպէսով իրենց կրթական կեանքի առաջին տարուայ աւարտին ոտք դրին ամրան արձակուրդի շեմէն ներս։