Լիասիրտ յաջողութիւններ կը մաղթենք սիրելի Տէր Հօր, յիշեցնենլով անշուշտ, որ ան սոյն նոր պաշտօնի կողքին պիտի շարունակէ վարել Պոլսոյ Գուզկունճուք թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը աւարտած եւ շրջան մըն ալ Հայաստանի մէջ քահանայագործած՝ Պոլսոյ սիրուած քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չէթինքայա նշանակուած է Պատրիարքական Աթոռոյ Եկեղեցաշինութեան եւ Բարեզարդման Աշխատանքներու Պատասխանատու։
Բաւական պատասխանատու պաշտօն կը համարուի այս մէկը տրուած ըլլալով,որ այդ գործի պատասխանատուն ըլլալ բարեացակամ, հաղորդակցութեան առումով հաղորդական եւ տեղի որոշումներ կայացնելու ունակ կրօնաւոր մը։
Լիասիրտ յաջողութիւններ կը մաղթենք սիրելի Տէր Հօր, յիշեցնենլով անշուշտ, որ ան սոյն նոր պաշտօնի կողքին պիտի շարունակէ վարել Պոլսոյ Գուզկունճուք թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ երիցութեան պաշտօնը։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
