Վերջին 24 ժամուան ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երրորդ անգամ կը հերքէ Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնները, թէ հայկական կողմը կրակած է ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։
«Ադրբեջանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, թէ յունիսի 14-ին՝ ժամը 07:15-ի սահմաններում, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ են բացել սահմանագօտու հարաւարեւմտեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, չի համապատասխանում իրականութեանը»,-ըսուած է յունիս 14-ի առաւօտեան ՊՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Ատրպէյճանական կողմի երեք ապատեղեկատւութիւններուն մէջ ալ նշուած է, թէ իբր հայկական կողմը կրակ բացած է սահմանագօտիի նոյն՝ հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ։