image
Հրատապ լուրեր:

Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին կոչ ըրած է դադրեցնելու կրակը

Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին կոչ ըրած է դադրեցնելու կրակը

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Անթընի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ հեռախօսազրոյցին կոչ ըրած է շտապ հրադադար հաստատելու Կազայի հատուածին մէջ։ 

Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Մեթիւ Միլլըրը։

«Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հասնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որ թոյլ կու տայ ազատ արձակել պատանդները, մեծցնել մարդասիրական օգնութիւնը եւ պայմաններ ստեղծել տարածաշրջանային ընդհանուր կայունութեան համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: Ինչպէս Միլլըր նշած է, Պլինքըն Կալանթին ըսած է, որ «մագլցումը չի բխիր կողմերէն ոչ մէկու շահերէն»: