Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդունած է Ինտոնեզիոյ նախագահ Ճոքօ Վիտոտոյի հրաւէրը` մասնակցելու Մեծ 20-եակի երկիրներու գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 15-16 Նոյեմբերին, Պալիի մէջ:
Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը: Ան յոյս յայտնած է, որ համավարակը թոյլ կու տայ միջոցառումը կայացնել առկայ ձեւաչափով, ոչ թէ տեսակապի միջոցով:
Ռուսիոյ նախագահին օգնականը նաեւ շեշտած է Վիտոտոյի կողմէ Փութինը գագաթաժողովին հրաւիրելու կարեւորութիւնը` «հաշուի առնելով, որ ինտոնեզացիներուն վրայ ճնշում կը գործադրուի արեւմտեան համապատասխան երկիրներուն կողմէ»: