image

Փութին-Փաշինեան հեռախօսազրոյց. Թեման ՀԱՊԿ-ն էր

Փութին-Փաշինեան հեռախօսազրոյց. Թեման ՀԱՊԿ-ն էր

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շաբաթ օրը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին քննարկած են ՀԱՊԿ շրջանակին մէջ ետագայ փոխգործակցութեան հեռանկարները։

Այս մասին կը յայտնէ Կրեմլի մամլոյ  ծառայութիւնը։

 

Նշուած է, որ հեռախոսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։  

«Հաշուի առնելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի ընթացիկ նախագահութիւնը՝ քննարկուած են ՀԱՊԿ շրջանակին մէջ հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Փութին եւ  Փաշինեան քննարկած են նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ արձանագրուած պայմանաւորուածութիւնները։

Զրոյցի ընթացքին նշուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու նպատակայարմարութիւնը։

Փութին Փաշինեանի խնդրանքով իրեն տեղեկացուցած է ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ ՌԴ անվտանգութեան երաշխիքներուն շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին մասին, կը հաղորդէ Կրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։ «Փաշինեանի խնդրանքով ՌԴ նախագահը հակիրճ տեղեկացուցած է ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ Ռուսաստանի Դաշնութեան անվտանգութեան երաշխիքներու հարցով բանակցութիւններու ընթացքի մասին»,- ըսուած է Կրեմլի հաղորդագրութեան մէջ։