image

Փութին մեղադրեց՝ «Անկլո-սաքսոնները»

Փութին մեղադրեց՝ «Անկլո-սաքսոնները»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ «Հիւսիսային հոսքի» հետ կապուած միջադէպերը դաւադրութիւն էին, որու ետին կանգնած են արեւմտեան երկիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը։

«Պատժամիջոցներն անկլո-սաքսոններուն բաւարար չեն, անոնք դաւադրութիւններու անցած են։ Անհաւատալի է, բայց՝ փաստ։ Պալթիք ծովու յատակով անցնող «Հիւսիսային հոսք»-ի միջազգային կազատարերու վրայ պայթումներ կազմակերպելով՝ անոնք փաստացի սկսած են ոչնչացնել համաեւրոպական ուժանիւթային ենթակառուցուածքը»,- ուրբաթ Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմին մէջ նոր միաւորներու ընդունման մասին պայմանագրերու ստորագրման արարողութեան ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ նախագահը։

«Բոլորին ալ պարզ է, թէ որու ձեռնտու է եղածը։ Որու ձեռնտու է, ան ալ, ի հարկէ, գործած է»,- ընդգծած է ան։

Փութին նաեւ նշած է, որ «ԱՄՆ թելադրանքը կառուցուած է բիրտ ուժի, բռունցքի օրէնքի վրայ՝ երբեմն գեղեցիկ փաթեթաւորուած, երբեմն առանց որեւէ փաթեթաւորման, բայց էութիւնը նոյնն է՝ բռունցքի օրէնք»։

26 Սեպտեմբերի գիշերը «Հիւսիսային հոսք 2» խողովակաշարի գիծերէն մէկուն մէջ արտահոսք տեղի ունեցած էր։ Միջադէպը գրանցուած էր Դանիայի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ՝ Պորնհոլմ կղզիէն հարաւ-արեւելք։ Կազի արտահոսք գրանցուած է նաեւ Պորնհոլմէն հիւսիս-արեւելք գտնուող առաջին «Հիւսիսային հոսքի» երկու գիծերէն: