image
Հրատապ լուրեր:

Փութին գովաբանած է Ռուսիոյ արտադրած «Օրեշնիկ» հրթիռը

Փութին գովաբանած է Ռուսիոյ արտադրած «Օրեշնիկ» հրթիռը

Ռուսական նորագոյն «Օրեշնիկ» գերձայնային հեռահար հրթիռի զանգուածային կիրառման պարագային հարուածի ուժը համեմատելի է միջուկային զէնքի կիրառման հետ։ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին այդ մէկը յայտարարած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նեղ կազմով նիստին։

«Ռազմական եւ թեքնիկական փորձագէտներու կարծիքով՝ այդ հրթիռներու զանգուածային, խմբակային օգտագործման պարագային, այսինքն՝ մէկ անգամէն քանի մը հրթիռ, մէկ հարուածով անոնց հզօրութիւնը համեմատելի է միջուկային զէնքի կիրառման հետ», - ըսած է ռուսական պետութեան ղեկավարը՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ այն զանգուածային ոչնչացման զէնք չէ։

Փութինի պնդմամբ՝ աշխարհի մէջ չկայ «Օրեշնիկ»-ին համարժէք:

«Քիեւի մէջ որոշումներու կայացման կեդրոնները կրնան դառնալ «Օրեշնիկ»-ի խոցման թիրախներ: Գլխաւոր շտաբը եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայիս «Օրեշնիկ»-ով  կ'ընտրեն Ուքրանիոյ տարածքի մէջ հարուածի թիրախները»,- աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ինչպէս նշած է ԹԱՍՍ, Փութին ընդգծած է, որ ռուսական զօրքերը կը կռուին իրենց հայրենիքի, Ռուսիոյ եւ իրենց երեխաներու ապագայի համար, ուստի Քիեւին արեւմտեան զէնքի ոչ մէկ մատակարարում կը փոխէ իրավիճակը մարտի դաշտը։

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ռուսիա այս գիշեր համալիր հարուած հասցուցած է 90 հրթիռով եւ 100 անօդաչու թռչող սարքով, որու հետեւանքով Ուքրանիոյ մէջ խոցուած է 17 ռազմական կառոյց։

21 նոյեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ նոյն օրը Ռուսիա հարուած հասցուցած է «Օրեշնիկ» հրթիռով Տնեփրի ուքրանական ռազմարդիւնաբերական համալիրներէն մէկուն: Ասիկա այս հրթիռի փորձարկումն էր մարտական պայմաններու տակ։ Փութինի խօսքով, յարձակումը պատասխանն էր այն բանին, որ ուքրանական զինուած ուժերը 19 եւ 21 նոյեմբերին կիրառած էին արեւմտեան արտադրութեան հեռահար զէնքեր (ATACMS եւ Storm Shadow)՝ Պրեանսքի եւ Քուրսքի մարզերու ռազմական կառոյցները հարուածելու համար։