Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան 15-16 սեպտեմբերին Սամարղանտի մէջ կայանալիք Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին մասնակցելու ծիրէն ներս պիտի հանդիպի իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին յայտնած է թրքական մամուլը։
Նշուած է, որ Էրտողան կը նախատեսէ հանդիպիլ կազմակերպութեան անդամ միւս երկիրներու ղեկավարներու հետ։
Այնուհետեւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանին մասնակցելու համար թրքական պետութեան ղեկավարը պիտի այցելէ ԱՄՆ։ Այստեղ Թուրքիոյ ղեկավարը հանդիպում պիտի ունենայ քանի մը երկիրներու պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներու հետ։