Օրերս Հունգարիա գտնուող Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցած է Ռոմանիոյ Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Էքումենիք գրասենեակի տնօրէն Ճանոս Անթալի հետ։
Սոյն կարեւոր հանդիպման մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը ՝
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցաւ Ռոմանիոյ Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Էքումենիք գրասենեակի տնօրէն Ճանոս Անթալի հետ։ Տիար Անթալ փոխանցեց Եպիսկոպոս Եանոշ Փօքթանի ջերմ ողջոյնները եւ աղօթքները, յայտնելով միաժամանակ յոյս, որ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի եւ Ռոմանիոյ Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ միջեւ շարունակուող համագործակցութիւնը զարգացնելու։
Երկու կողմերը ընդգծեցին Սուրիոյ քրիստոնեաներուն վկայութիւնները լայն հարթակներու վրայ տարածելու կարեւորութիւնը, հաւատալով որ այս փոխադարձ տեղեկատուութիւնը կ'օգնէ ամրապնդելու համերաշխութիւնը եւ աջակցութիւնը աշխարհի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն միջեւ։
Հանդիպումը կը վկայէ Հունգարիոյ, Սուրիոյ, Ռոմանիոյ եւ հեռաւոր այլ տարածաշրջաններու եկեղեցական համայնքներուն միջեւ աճող գործընկերակցութեան ոգին, հիմնուած փոխադարձ հաւատքի, խոցելի համայնքներուն նկատմամբ ընդհանուր հոգածութեան եւ միասնական ուսուցման ու ծառայութեան ձգտումը։