Կ'ուզէի, որ իշխող խմբակցութեան անդամները մինչեւ վերջ, բացայայտ ըսեն, թէ իրենք ինչու դէմ եղած են մեր յայտարարութեան։ Այս մասին ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի արտահերթ նիստի ժամանակ ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան։
Վերջինս նշած է, որ իշխող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու որդեգրած գաղափարներու միջեւ կայ երկու փիլսոփայական տարբերութիւն։
«Մի մօտեցումն այն է, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանին յանձնելու գնով հասնենք խաղաղութեան, ինչը, մեր կարծիքով, ոչ թէ խաղաղութեան, այլ պատերազմի հայեցակարգ է, որովհետեւ այդպէս կարելի է նաեւ Երեւանն էլ յանձնել։ Միւս մօտեցումն այն է, որ մենք իրական խաղաղութեան պէտք է ձգտենք մեր անվտանգային կարմիր գծերը պահելով, դրանով իսկ մեսիճ (պատգամ) տալով ե՛ւ մեր թշնամիներին, ե՛ւ մեր բարեկամներին, որ մենք պատրաստ ենք լինելու մինչեւ վերջ պաշտպանել մեր պետութեան եւ մեր ժողովրդի շահերը։ Սրանք են մեր փիլիսոփայական տարբերութիւնները, որ ունենք իշխանութեան հետ»,- ըսած է Թեւանեան։
Պատգամաւորը ընդգծած է այն հանգամանքը, որ ցաւալի է Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ունենալ այսպիսի գաղափարական արմատական հակադրութիւն։ «Ցաւալի է, որովհետեւ ՀՀ-ն ստեղծուել է Ղարաբաղեան շարժման արդիւնքում, Ղարաբաղեան շարժման արժէքները դրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման հիմքում, եթէ ոտնահարում ենք այդ արժէքները եւ դրանով ենք փորձում հասնել խաղաղութեան, ապա դա շատ վտանգաւոր ճանապարհ է, վերջին երկու տարուայ փորձը դա է ցոյց տալիս»,-ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան։