image

Փեսքով. «Փութին ՀԱՊԿ-ի խնդրով Փաշինեանի հետ չէ զրուցած»

Փեսքով. «Փութին ՀԱՊԿ-ի խնդրով  Փաշինեանի հետ չէ զրուցած»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ դեռ չէ քննարկած ՀԱՊԿ-ին Երեւանի անդամակցութիւնը դադրեցնելու թեման: Եւ առայժմ նման շփումներ չեն նախատեսուիր:

Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Ռուսիոյ ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը: Ան այսպէս պատասխանած է այն հարցին, թէ արդեօք Փութինը Փաշինեանի հետ շփումներուն չի պատրաստուիր յստակեցնել ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հարցը, թէ առայժմ շփումներ չեն նախատեսուիր։

«Ատոր հետ կապուած (ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնը կասեցնելու – խմբ․) հայկական կողմը որեւէ պաշտօնական գործողութիւն չէ ձեռնարկած։ Մենք մտադիր ենք մեր գործընկերներու հետ կապ հաստատել եւ յստակեցնել այդ յայտարարութիւններու նշանակութիւնը»,-ըսած է ան։

Փեսքով աւելցուցած է, որ նման իրավիճակի մէջ շատ կարեւոր է հասկնալ բոլոր մանրամասնութիւնները: Քրեմլի ներկայացուցիչը յոյս յայտնած է, որ «հայ ընկերները ամէն ինչ կը պարզաբանեն»: