image

Փաշինեանի իշխանութեան ամէն օրը նուաստացում է Ռուսիոյ համար. Զաթուլին

Փաշինեանի իշխանութեան ամէն օրը նուաստացում է Ռուսիոյ համար. Զաթուլին

Փողոցային ցոյցերով իշխանութեան եկած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ամբողջովին փոխած է դէմքը եւ ուժ կը կիրառէ ցուցարարներու նկատմամբ։ Ան իրաւապահ մարմինները կ՚օգտագործէ ցուցարարներուն վրայ ճնշելու համար, իսկ անոնք կը շարունակեն բողոքել. այս մասին ըսած է Ռոսիոյ Դաշնութեան Տումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլինը ռուսական Առաջին ալիքի եթերին:

«Փաշինեանը, կանգնելով ոչ միայն ռուս-հայկական յարաբերութիւնները, այլ նախեւառաջ Հայաստանի շահերը դաւաճանելու այս ճանապարհին, մինակ ձգեց հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Հրաժարեցաւ անոնցմէ, ըստ էութեան յանձնեց անոնց, դաւաճանեց: Տեղի ունեցաւ հայերու գաղթ Լեռնային Ղարաբաղէն: Այսօր ան Ատրպէյճանի հետ կը սակարկէ բուն Հայաստանի տարածքը, ուր որոշ գիւղեր արդէն կը համարուին վիճելի եւ պէտք է փոխանցուին Ատրպէյճանին»,-ըսած է Զաթուլինը:

Խօսելով Տաւուշի թեմի առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման բողոքի գործողութիւններու մասին՝ ան նշած է, որ  Փաշինեանը շարժման պատասխանած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հասցէին մեղադրանքներով:

«Ինչ կը վերաբերի այս իրավիճակին մէջ մեր պահուածքին... Պարոն Փաշինեանի իշխանութեան ամէն օրը նուաստացում է Ռուսիոյ համար Կովկասի եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ, որովհետեւ ան մեր նախագահի հետ հանդիպումէն ետք, առանց ամօթի կը վիրաւորէ Ռուսիան, անոր վրայ կը բարդէ իր բոլոր մեղքերը: Ան կը փորձէ հայ ժողովուրդի ցասումն ուղղել դէպի Ռուսիա»,-ըսած է Զաթուլինը:

Անոր կարծիքով՝ Մոսկուան պէտք է յստակ հասկըցնէ, որ յստակ կը տեսնէ Փաշինեանի մտադրութիւնները:

«Իրականութեան մէջ կարելի չէ ամուր յարաբերութիւններ կառուցել պետութեան մը հետ, որու կառավարութիւնը կ՚ոգեշնչուի ձեր հետ կապերը խզելու գաղափարէն»,-ըսած է պատգամաւորը: