Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան երկրներու իր գործընկերներու հետ այցելած է «Ցարսքոյէ Սելո» արգելոց-թանգարան։
«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հրապարակած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւայ, որ Փութինն ու Նիկոլ Փաշինեանը ինչ-որ բան կը քննարկեն:
Նշենք, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած է Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումը: Հանդիպումը հիւրընկալողը` Ռուսիոյ նախագահը, հրաւիրած է Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն, Պելառուսիայէն, Ղազախստանէն, Ղրղզստանէն, Տաճիկստանէն, Թուրքմենստանէն եւ Ուզպեքստանէն իր գործընկերները: