image

Փաշինեան Թեհրանի մէջ կը մասնակցի Նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան. Եղած են հանդիպումներ Իրանի քաղաքական վերնախաւին հետ

Փաշինեան Թեհրանի մէջ կը մասնակցի Նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան. Եղած են հանդիպումներ Իրանի քաղաքական վերնախաւին հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով ժամանած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն:

Թեհրանի «Մեհրապատ» միջազգային օդանավակայանին մէջ վարչապետ Փաշինեանը դիմաւորած է Իրանի փոխնախագահ, Պիւտճէթային կազմակերպութեան նախագահ, ՀՀ-ԻԻՀ միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի համանախագահ Տավուտ Մանզուրը:

Վարչապետ  Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Իրանի նախագահի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան:

Փաշինեան եւ Փեզեշքիան հանդիպած են, վերահաստատած նախկին պայմանաւորուածութիւնները

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հանդիպումը:

Հանդիպման Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Փաշինեանին հրաւէրն ընդունելու եւ աշխատանքային այցով Իրան ժամանելու համար: Մասուտ Փեզեշքիանը աւելցուցած է, որ Իրանը կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը։

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Մասուտ Փեզեշքիանին ջերմ հիւրընկալութեան համար ու անգամ մը եւս շնորհաւորած է զինք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առթիւ։ Վարչապետն ընդգծաած է, որ Իրանի հետ բազմակողմանի համագործակցութիւնը մեր երկրի համար ունի կարեւոր նշանակութիւն, որ խարսխուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ըմբռնման վրայ։

Մասուտ Փեզեշքիանը վերահաստատելով նախապէս բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ նշած է. «Մեր երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը, պատմական եւ մշակութային սերտ առնչութիւնները հիմք կը հանդիսանան երկկողմ փոխգործակցութիւնը առաւել զարգացնելու համար։ Մենք պատրաստակամ ենք համատեղ ջանքերով շարունակելու մեր երկխօսութիւնը եւ առաւել հարստացնելու երկկողմ համագործակցութեան օրակարգը»:

«Այն, որ այսօր ես այստեղ եմ, վկայում է Հայաստանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ ամենաբարձր մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու, համագործակցութիւնն ամրապնդելու մեր յանձնառութիւնը»,- նշած է վարչապետ Փաշինեանը։

Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւ ատոր սկզբունքները՝ միտուած տարածարջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը։

Մասուտ Փեզեշքիանը նշած է, որ Իրանի համար առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը, աւելցնելով, որ իրանեան կողմը եւս անհրաժեշտ կը համարէ բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով կարգաւորելը։

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է իրանեան կողմի ներգրաւուածութիւնը Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի, մասնաւորապէս, Ագարակ-Քաջարան հատուածի կառուցման գործին։ Ընդգծուած է նաեւ Հայաստան-Իրան սահմանային անցակէտի արդիականացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերու կարեւորութիւնը:

Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարները քննարկած են առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, նաեւ անդրադարձած են առողջապահութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի բնագաւառներու մէջ համատեղ նոր ծրագրերու իրականացման վերաբերող հարցերու:

Մասուտ Փեզեշքիան նշած է, որ մասնաւոր այցով եղած է Հայաստան եւ մեր երկրէն ու ժողովուրդէն ունի ջերմ տպաւորութիւններ: Զրուցակիցները կարեւորած են երկկողմ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները: