image

Փաշինեան-Էրտողան հեռախօսազրոյց. Օրակարգը յարաբերութեանց կարգաւորումն է

Փաշինեան-Էրտողան հեռախօսազրոյց. Օրակարգը յարաբերութեանց կարգաւորումն է

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Կառավարութենէն։

 

Վարչապետը շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը Զօհաբերութեան Տօնին առթիւ, իսկ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։

 

Նախագահ Էրտողան ցաւակցած է վարչապետ Փաշինեանին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի ունեցած ջրհեղեղի կապակցութեամբ։

 

Առաջնորդներն ընդգծած են իրենց քաղաքական կամքն առանց որեւէ նախապայմանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ։

 

Այդ պարունակին մէջ առաջնորդներն ընդգծած են երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու շարունակականութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած են մինչ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

 

Առաջնորդները գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու շարունակական երկխօսութիւնը։ Անոնք քննարկած են նաեւ տարածաշրջանի եւ միջազգային օրակարգի վերջին զարգացումները։