Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը քննարկած են հակաօդային պաշտպանութիւնը եւ ֆրանսական զէնքի մատակարարումներու արագացումը։
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ տեղի ունեցած է գրեթէ երկու ժամ տեւած զրոյց մը։ Կողմերը կեդրոնացած են Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ամրապնդման վրայ։ Զելենսքի նշած է Մաքրոնի պատրաստակամութիւնը՝ օգնելու Patriot համակարգերուն համար անհրաժեշտ հրթիռներ ունեցող այլ գործընկերներու հետ բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ քննարկած է Ֆրանսայի հակաօդային պաշտպանութեան կարելիութիւնները։
Զելենսքիի խօսքով՝ երկու կողմերը համաձայնած են արագացնել ֆրանսական նորագոյն սարքաւորումներու եւ հրթիռներու մատակարարումը, ինչպէս նաեւ քննարկած են Փարիզի պատրաստակամութիւնը՝ Ուքրանիոյ հրթիռներու արտադրութեան արտօնագիրներ տրամադրելու հարցը։ Երկու նախագահները նաեւ քննարկած են գործընկերներու եւ ԱՄՆ վարչակազմին հետ դիւանագիտական շփումները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան ֆինանսաւորումը ընթացիկ եւ յաջորդ տարուան համար։