Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնիլը կը մնայ բարդ գործընթաց, իսկ խաղաղութեան օրակարգը կը խաթարեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի «վրէժխնդրական ուժերը»։ Տուպայի մէջ ընթացող Արաբական լրատուամիջոցներու համաժողովի ընթացքին նման յայտարարութիւն կատարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւը, կը հաղորդէ «Euronews»-ը։
Պաքուի պաշտօնական ներկայացուցիչը պնդած է, թէ Ատրպէյճան «յաղթած է պատերազմին եւ այժմ կը յաղթէ խաղաղութիւնը», իսկ Հայաստանի ղեկավարութեան կոչ ըրած է աշխատելու սեփական ժողովուրդը խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ։
Ելոյթի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը անդրադարձած է նաեւ կրօնական եւ մշակութային հարցերու՝ Հայաստանը մեղադրելով հակամարտութեան տարիներուն իսլամական մշակութային ժառանգութիւնն ու մզկիթները ոչնչացնելու մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հաճիեւ վստահեցուցած է, որ Պաքուն քրիստոնէական ժառանգութիւնը չի դիտարկեր որպէս վրէժխնդրութեան թիրախ եւ կը պարտաւորուի պահպանել զայն՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ։
Պատմական փաստերու իր մեկնաբանութեամբ՝ ան քրիստոնէական ժառանգութիւնը վերագրած է Կովկասեան Աղուանքին՝ զայն ներկայացնելով որպէս Ատրպէյճանի մշակութային պատմութեան մէկ մասը։
Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու շրջածիրէն ներս Հաճիեւ սուր քննադատութեան ենթարկած է Եւրոպական Միութիւնը, մասնաւորաբար՝ Եւրոպական Խորհրդարանը։ Անոր պնդմամբ՝ Եւրոպական Խորհրդարանը «խնդիրի լուծման մաս չէ, այլ խնդիրի մէկ մասն է», քանի որ իր ընդունած բանաձեւերով «կը նուաստացնէ եւ կը տկարացնէ» տարածաշրջանի խաղաղութեան օրակարգը։
Պաքուի ներկայացուցիչը Եւրոպական Միութենէն պահանջած է չառաջնորդուիլ միայն մէկ երկրի վրայ հիմնուած քաղաքականութեամբ, չստեղծել բաժանարար գիծեր եւ Հարաւային Կովկասի հետ զարգացնել «հաւասարակշռուած» համագործակցութիւն։