image

Փաշինեան ձեռքբերում կը համարէ Հայաստանի ներկայիս վիճակը

Փաշինեան ձեռքբերում կը համարէ Հայաստանի ներկայիս վիճակը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ գտնուած է Դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակցի օրուան նուիրուած միջոցառման:

Վարչապետը շնորհաւորած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ բոլոր դիւանագէտները մասնագիտական օրուան առիթով, շնորհակալութիւն յայտնած ծառայութեան համար եւ ընդգծած, որ չափազանց կարեւոր է դիւանագիտութեան եւ դիւանագիտական ծառայութեան դերի եւ նշանակութեան գիտակցումը մեր երկրի զարգացման գործին: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, երկրի անվտանգութեան եւ բնականոն զարգացման գործին դիւանագիտութեան եւ դիւանագիտական ծառայութեան դերին պէտք է աւելի ուշադիր ըլլալ, քանի որ անվտանգութիւն ըսելով սովորաբար միշտ հասկցեր ենք բանակ. «Բայց աւելի ուշ ենք հասկացել, որ ինչքան շատ ենք անվտանգութիւնը կապում բանակի հետ, այդքան նշանակում է անվտանգութեան պակաս կայ կամ այդքան նշանակում է անվտանգութեան իրադրութիւնը կամ վիճակը բարւոք չէ, եւ ընդհակառակը՝ ինչքան շատ ենք անվտանգութիւն ասելիս նկատի ունենում փափուկ գործօններ, ինչպէս ընդունուած է ասել, նշանակում է անվտանգութեան աւելի յուսալի մակարդակ կայ»։

Իր խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ  աշխարհը, գործընթացները, տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ իրադարձութիւններու պատճառահետեւանքային կապը ճանչնալը թոյլ կու տայ միջավայրն աւելի կանխատեսելի եւ կառավարելի դարձնել։ «Եւ այս առումով, ի հարկէ, այն իրադրութիւնը, որ մենք ունենք այսօր Հայաստանում արտաքին քաղաքական միջավայրի առումով, կարծում եմ՝ բաւականին շօշափելի եւ մեծ ձեռքբերում է: Բայց նաեւ պէտք է չմոռանանք, ի վերջոյ, մեր դիւանագիտական գործունէութեան, արտաքին յարաբերութիւնների ոլորտում մեր գործունէութեան ամենակարեւոր նպատակը. այդ նպատակը մեր երկրի պետական շահը, այն է՝ մեր երկրի տնտեսական զարգացումն ապահովելն է, որովհետեւ դա էլ է խնդիր, երբ այդքան շատ կեդրոնացած ենք անվտանգութեան վրայ, ինչը, ի հարկէ, կենսական անհրաժեշտութիւն է, բայց ինչքան անմիջական է մեր լարուածութիւնը եւ անվտանգութեան մեր կարիքը, այդքան նշանակում է, որ ուղղակի հեռու ենք տնտեսական զարգացման տրամաբանութիւնից»,- նշած է վարչապետը։

Այս պարունակին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է. «Պէտք է արձանագրել, որ վերջին տարիների պրոցեսները եւ այն, ինչի մասին հրապարակային խօսում ենք, ակնյայտօրէն վկայում են իրադրութեան դիտանկիւնի փոփոխութեան մասին, երբ տարածաշրջանում, այդ թւում՝ Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան գործընթացի վերաբերեալ խօսելիս, ասում ենք, որ կարծես տնտեսութիւնը վազանցում է քաղաքական պրոցեսներին, ինչը միանշանակ դրական է։ Դա նշանակում է, որ մեր դիւանագիտական ջանքերն աւելի են կեդրոնացած տնտեսական զարգացման տրամաբանութեան վրայ: Ինչքան մենք կեդրոնացած ենք տնտեսական զարգացման տրամաբանութեան վրայ, նշանակում է՝ այնքան աւելի հեռացած ենք զուտ լարուածութեան եւ էսկալացիայի տրամաբանութիւնից եւ շրջանակից»։

Իր ելոյթին մէջ երկրի ղեկավարը խօսած է նաեւ այս տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած խաղաղութեան մասին. «Շատ կարեւոր է, որ մենք գնահատենք այն խաղաղութիւնը, որ ունենք: Շատ կարեւոր է, որ գնահատենք Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող ապաշրջափակումը, որն ունենք»։ Վարչապետը շեշտած է՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացումն աւելի է, քան կանխատեսուած էր, այդ շարքին՝ դիւանագիտական գործունէութեան հաշուոյն. «Այդ ձեռքբերումները պէտք է կարողանանք պաշտպանել, որովհետեւ կարծում եմ, որ իսկապէս հասել ենք մի հանգրուանի, երբ կարողանում ենք պաշտպանուել փոթորիկներից, կարկուտներից եւ բազում աշխարհաքաղաքական աղէտներից: Բայց սա էլ չպէտք է ընդունենք որպէս ինքնին հասանելի մի բան: Սա աշխատանքի արդիւնք է, հետեւողական եւ գիտակցուած աշխատանքի արդիւնք է»:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, չափազանց կարեւոր է շարունակական կրթութիւնը ձեռքբերումներու պահպանման եւ հետագայ զարգացման գործին մէջ. «Ես համոզուած եմ, որ մեր դիւանագիտական ծառայութիւնն ունի այդ կարողութիւնները խնամելու, պաշտպանելու, պահպանելու եւ զարգացնելու իր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքբերումները, որովհետեւ պահպանելու, պաշտպանելու ամենակարեւոր գործիքներից մէկը զարգացումն է, որովհետեւ եթէ որեւէ նուաճում, որեւէ ձեռքբերում հետագայ զարգացում չի ստանում աւելի մեծ եւ աւելի կարեւոր ինչ-որ մի բան դառնալու ուղղութեամբ, այն անպայման կորցնում է իր ընթացիկ նշանակութիւնը: Ես համոզուած եմ, որ մենք այս տրամաբանութեամբ էլ կը շարժուենք առաջ՝ այն գիտակցութեամբ, որ փոփոխուող աշխարհում ինքներս պէտք է փոխենք մեր մտահորիզոնի շրջանակը եւ ծաւալը: Մենք պէտք է կարողանանք աւելի բարձրից նայել աշխարհին, իսկ աւելի բարձրից նայելու համար պէտք է կարողանանք բարձրանալ, իսկ բարձրանալու ճանապարհը միանշանակ եւ աներկբայ է՝ կրթութիւնն է, շարունակական կրթութիւնը»:

Ամփոփելով ելոյթը՝ վարչապետն արձանագրած է, որ այսօր կ՚երթանք աւելին իմանալու ճանապարհով, որովհետեւ այդ կը նշանակէ առարկայական, ոչ միայն զգացական, գործնական հնարաւորութիւն՝ աւելին ընել մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: «Շնորհակալ եմ բոլոր դիւանագէտներին մեր երկրի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան համար աւելին անելու պատրաստակամութեան եւ ամէնօրեայ աշխատանքի համար»,– եզրափակած է երկրի ղեկավարը:

Յաջորդիւ տեղի ունեցած է դիւանագիտական ծառայութեան պաշտօնի նշանակուած դիւանագէտներու երդմնակալութեան արարողութիւնը, որու շրջածիրէն ներս շարք մը դիւանագէտներ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի կողմէ ստացած են դիւանագէտի վկայականներ: