image

Փարիզ. 18-րդ թաղամասի Մոնմարթր թաղին մէջ «Լա Պոհեմ»  հարթակի բացման արարողութիւնը

Փարիզ. 18-րդ թաղամասի Մոնմարթր թաղին մէջ «Լա Պոհեմ»  հարթակի բացման արարողութիւնը

Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 101-ամեակին առթիւ, Փարիզ 18-րդի նշանաւոր Մոնմարթր թաղամասին մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է անոր յայտնի երգին անունով կոչուած «Լա Պոհեմ» բարձրադիր հարթակի (belvédère) բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ այդ թաղէն Փարիզի վրայ բացուող գեղեցկագոյն տեսարաններէն մէկը ունի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Մայիս 22-ին, Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 101-ամեակին առթիւ, Փարիզ 18-րդի նշանաւոր Մոնմարթր թաղամասին մէջ տեղի ունեցաւ անոր յայտնի երգին անունով կոչուած «Լա Պոհեմ» բարձրադիր հարթակի (belvédère) բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ այդ թաղէն Փարիզի վրայ բացուող գեղեցկագոյն տեսարաններէն մէկը ունի։

Արարողութեան խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյին ու Փարիզի քաղաքային խորհուրդին՝ անունակոչման վերաբերող բանաձեւի ընդունման համար, ընդգծելով աշխարհահռչակ արուեստագէտին յիշատակը յաւերժացնող այս յաջորդական նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը:

Ներկայ էին Շառլ Ազնաւուրի  որդին՝ Միշա Ազնաւուր, Փարիզի փոխքաղաքապետեր Գարին Ռոլան եւ Լօռանս Փաթրիս, Փարիզ 18-րդի թաղապետ  Էրիք Լըժուանտր, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, թաղի բնակիչներ։