Հորմուզի նեղուցը պիտի վերաբացուի միայն Թեհրանի պայմաններու կատարումէն ետք, եւ ոչ թէ Ուաշինկթընի սպառնալիքներու ներքոյ։ Այս մասին ԱՄՆ-ի Զինուած ուժերուն կողմէ Իրանի դէմ նոր հարուածներէն ետք յայտարարած է Իրանի Մեճլիսի նախագահ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը։
«Պէտք չէ անիմաստ նետուիլ, այլապէս աւելի խոր պիտի սուզուիս ջուրին տակ։ Հորմուզի նեղուցը պիտի բացուի միայն Իրանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման պարագային, եւ ոչ թէ ամերիկեան սպառնալիքներուն ներքոյ»,– գրած է Ղալիպաֆը։
Ան ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի վախցնելու քաղաքականութիւնն ու իր խոստումներու խախտումը այլեւս անհետեւանք պիտի չմնան։
«Պարզապէս կ՚ըսեմ՝ եթէ հարուածես, հարուածով պատասխան պիտի ստանաս»,– աւելցուցած է Ղալիպաֆը։
Աւելի վաղ ԱՄՆ-ի Զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յայտնած էր Իրանի տարբեր կառոյցներու նոր հարուածներ հասցնելու մասին, որոնք կոչուած էին տկարացնելու Իրանի կարողութիւնը՝ Հորմուզի նեղուցը վերահսկելու առումով։
Հաղորդուած էր նաեւ պայթումներու մասին իրանական Աքքալա, Պենտեր Ապպաս, Ճասք, Սպահան, Սիրիք եւ Չապահար նաւահանգստային քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ապու Մուսա կղզիին եւ Պուշեհր նահանգի որոշ շրջաններուն մէջ։