Փարաքարի մէջ այսօր` Յունուար 7-ին, աւագանիի նիստը սկսաւ միջադէպով:
Համայնքապետարանի բակին մէջ հաւաքուած էին «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան թեկնածուի աջակիցները եւ փորձեցին ներխուժել համայնքապետարանի շէնք, ոստիկանները թոյլ չտուին:
Ոստիկաններուն եւ քաղաքայիններուն միջեւ բախում տեղի ունեցաւ, որու հետեւանքով տուժած է 1 ոստիկան եւ 1 քաղաքային:
Նշենք, որ համայնքապետարանը շրջափակուած է մեծ թիւով ոստիկաններով: