image

Քեսապի մէջ. մեկնարկեց Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանին 2026-2027 տարեշրջանը

Քեսապի մէջ. մեկնարկեց Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանին 2026-2027 տարեշրջանը

 

Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանը, օրերս, դիմաւորած էր 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանը։ Վերամուտի առիթով «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցած էր յատուկ ձեռնարկ, որուն ընթացքին աշակերտներուն ուղղուած էին օրհնութեան, քաջալերանքի եւ ուսումնական նոր տարեշրջանի յաջողութեան մաղթանքներ։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

15 Սեպտեմբեր 2026- ին, սկիզբ առաւ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանին 2026-2027 տարեշրջանը։

Վերամուտի այս տօնական եւ լուսաւոր օրը նոր հորիզոններու, նոր երազներու եւ գիտելիքի հարստացման սկիզբն է։ Դպրոցական զանգին հնչիւնը ո'չ միայն նոր տարեշրջան մը կ'աւետէ, այլեւ վերանորոգ հաւատքով  կը լեցնէ մեր սիրտերը։

Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները մեծ եռանդով եւ ոգեւորութեամբ հաւաքուեցան «Սարդարապատ» սրահէն ներս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեամբ։ 

Քեսապի հոգեւոր տեսուչ` Հոգշ.Տէր Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի օրհնութեամբ եւ պատգամով սկսաւ  վերամուտի առիթով պատրաստուած յայտագիրը։ Հայր սուրբը իր քաջալերական խօսքերով եւ խրատներով խրախուսեց աշակերտները լուրջ եւ հետեւողական աշխատանքով սկսելու եւ ամբողջացնելու իրենց ուսումնական տարեշրջանը նպատակ ունենալով  հասնիլ ուսման բարձր մակարդակներու։ Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ուսուցիչին պարտականութիւններուն եւ կարեւոր դերակատարութեան մարդ կերտելու  այս վսեմ աշխատանքին մէջ, բարձր գնահատելով անոր համբերութիւնն ու նուիրումը, անոր վեհ առաքելութիւնը որ կը դառնայ փարոս լուսաւորելով աշակերտներուն ուսումնական ճանապարհը։ 

Եղան նաեւ սրտի խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ շեշտելով այն իրողութիւնը, որ վերամուտը դպրոցական տարերջանի սկիզբն է՝ նոր նպատակներով, նոր երազանքներով եւ նոր հնարաւորութիւններով։

Բարի՛ վերամուտ եւ բարի երթ դէպի նոր գիտելիքներ ու նոր նուաճումներ։