image

Պէյրութի «Ճեմարան»ի ճերմակ դարձած «Կանաչ դուռ»ը. Կամ յիշելով Հրաչ Տասնապետեանը

Պէյրութի «Ճեմարան»ի  ճերմակ դարձած «Կանաչ դուռ»ը. Կամ  յիշելով Հրաչ Տասնապետեանը

Աշխարհի ամէն կողմ ալ, որքան ժամանակ ալ որ անցնի՝ ոեւէ լիբանահայ, մինչեւ իր կեանքի վերջը, ուզէ կամ չուզէ, իր մէջ կը պահէ իր լիբանահայութիւնը:

Կանաչ Դուռը

[ Հրաչ Տասնապետեանի մահուան առիթով, Գանատայի մէջ հրատարակուած այս գրութեան թուականէն վեր, անցած են գրեթէ քսան տարիներ: Մինչ, այն ատեն արդէն, հեռաւոր անցեալի մասին էր: Հիմա այս դամբանականը ամբողջովին դարձած է ուրեմն – վաւերագրական բնոյթի – արխիւ: Սակայն ներքեւը (գծանկարէն ետք), Յետ-Գրութեան միջոցաւ, պիտի գտնէք անոր 2020ի անհրաժեշտ այժմէականացումը: ]

Պզտիկ դուռ մըն էր, մետաղեայ, գոց կանաչ ներկուած, Ճեմարանի ետեւի մէկ անկիւնը։ Նեղ ու հնամեայ քարէ աստիճաններ կային անոր ետեւ, որոնք նեղ փոսի նմանող անցքի մը մէջէն կը հանէին մօտաւորապէս դէպի դպրոցի մայր շէնքին կողքը։

Դպրոցական օրերուն, «Պարոն» Տասնապետեանը, փողոցին դիմացի կողմը եւ քիչ մը վար գտնուող իր տան շէնքէն կու գար, բանալիով կը բանար այդ դուռը, ետեւէն կը գոցէր ու դարձեալ կը կղպէր զայն, եւ դանդաղ ու հաստատ քայլերով կը բարձրանար նեղ աստիճանները։

Յաճախ այդ պահուն աշակերտները շարուած կ’ըլլային այդտեղ։ Լուռ ու խոժոռ, ան կու գար, կանգ կ’առնէր մեր ետեւը։ Վիզերը քիչ մը կը պրկուէին։ Փսփսուքները կը դադրէին։ Հաստ ակնոցներուն ետեւէն ան կը դիտէր հանդարտ։

Ընդհանրապէս բերանը սիկառ մը կ’ըլլար։ Երբեմն կը պատահէր որ, զինք տակաւին չտեսած աշակերտի մը անկարգութենէն զայրացած, ան յանկարծակի խոյանար անմիտին վրայ, եւ սարսափելի կերպով յանդիմանէր։ Լաւ, թէեւ յիշողութիւնս վստահ չէ այս կէտին վրայ (իսկապէս, հետս կապ չունի), բայց թերեւս մէկ երկու առիթներով, մի քանի ապտակ ալ եղած է խնդրին մէջ… Մանրամասնութիւններ են ասոնք։ Ուրիշ ժամանակներու եւ այլ վայրերու վերաբերող իւրայատկութիւններ։

Կարեւորը այն է որ հոն էր ան, մեր տնօրէն Պարոն Տասնապետեանը, եւ երբ շարքին մէջ մեր կռնակէն լսէինք անոր բանալիին  չոր  շաչիւնը  եւ կանաչ դրան ճռնչոցը, ինչ ըսեմ, քիչ մը աւելի լուռ ու անշարժ կը փորձէինք մնալ։ Ինչ կ’ըլլայ, ինչ չ’ըլլար…

Տարիները անցան, շատ աշակերտութիւն չմնաց, ոչ թիւով, ոչ ալ հանգամանքով, մեր զբաղումները փոխուեցան, եւ պարոնը դարձաւ ընկեր Տասնապետեան։ Սկսանք որոշ բաներ հասկնալ։ Ոչ ամէն բան, բայց մաս մը։ Այդպէս էր, այդ օրերուն։ Այդպէս էին այդ օրերը։

Սակայն դպրոց ըլլար կամ ոչ, երբ որ քաղաքն էր, ընկեր Տասնապետեանը կը շարունակէր ամէն առաւօտ, գրեթէ միշտ նոյն ժամուն, կանաչ դուռը իր բանալիով բանալ եւ ներս մտնել, ուղղուելու համար իր գրասենեակը։ Այլեւս ափ մը աշակերտներ էինք միայն, նոյնիսկ երբ որ դպրոց կար։

Այդ շրջանին, այլեւս յանդիմանութիւն-մանդիմանութիւն, չէր մնացած։ Իսկ եթէ ձեռքով երբեւիցէ դպնար որեւէ մէկուն, փաղաքշական կերպով ուսը բռնելու, ափին մէջ ամուր սեղմելու համար էր միայն, գլուխը իմաստալից կերպով շարժելով, առանց բան մը ըսելու:

Յատուկ ջերմութիւն մը կը զգայինք, երբ որ ընկեր տնօրէնի մեղսակից ժպիտին կ’արժանանայինք, այդ առաւօտները։ Բայց նորէն ալ, առ ի սովորութիւն կամ աւանդութիւն, երբ որ ան, այդ կանաչ դուռէն՝ մտնէր բակը, մենք մեզ քիչ մը կը հաւաքէինք, լռել կը ջանայինք, կարգի կը կենայինք…

Այդպէս էր ընկեր Տասնապետեանը։ Միշտ նոյնը։ Ինչ որ ալ ըլլային պայմանները, ինչ որ ալ ըլլար կացութիւնը, կրնայինք միշտ վստահ ըլլալ որ ան այդ կանաչ դուռը պիտի բանայ եւ ներս պիտի մտնէ, եւ դանդաղ ու հաստատ քայլերով, նուազագոյն շփումէ մը ետք մեր հետ, մտածկոտ ու լուռ պիտի երթայ իր գործին։ Եւ շարքերը զգաստացած  ու  կարգապահ պիտի մնան այդ պահուն, գիտակցելով որ առանցնաշնորհեալ բան մը կայ այս ամէնուն մէջ։

Յետոյ, կացութիւնը շատ վատթարացաւ։ Ճեմարանը դարձաւ զօրանոց։ Այլեւս երկար ատեն, դպրոց չկար։ Թերեւս ամէն պարագայի աւելի լաւ էր այդպէս, որովհետեւ այդ ժամանակներուն, եւ ատենէ մը ի վեր արդէն, Ճեմարանը շատ աւելի յաջող եւ օգտակար էր որպէս զօրանոց, քան թէ որպէս դպրոց։ Յամենայն դէպս…

Սակայն այդ տեղերը այլեւս ոչ միայն աշակերտներ չկային, այլ սովորական բնակչութիւն իսկ չէր մնացած։ Կային միայն շուքեր, կանոնաւոր եւ անկանոն զինուորներ, օդին մէջ ծուխ, արեան հոտ եւ պատերազմական օդանաւեր: Ամենուրեք՝ մթութիւն, կրակ, վախ եւ մահ։ Օր մը, այդ ամէնը կը պատմուի: Հիմա ճիշտ այդ չէ այստեղ, նիւթը։

Բայց դեռ կայինք այդտեղ նաեւ մենք, ափ մը անձինք որ, խորքին մէջ, ոչինչ ունէինք ընելիք, ոչինչ կրնայինք ընել, բացի առտու գիշեր ամէն ջանք թափելէ որ միայն՝ ամէն բան այդպէս մնայ, ոչ ոք բան չընէ, ոչ մէկ բան ըլլայ։

Եւ այդ ամենամութ օրերուն եւս, այդտեղ տակաւին կար ու կը մնա անշուշտ – մինչեւ հիմա այլեւս հասկցած պէտք է ըլլաք – ՝ պարոն ընկեր Տասնապետեանը։ Ինքը՝ հոն էր, անկասկած։

Ելեկտրականութիւն չկար, հեռաձայն չկար, հաց չկար, ջուր չկար, ընելիք չկար եւ յոյս չկար, բայց ընկեր Տասնապետեանը կար, հոն էր, այդ կանաչ դրան փողոցին վրայ գտնուող իր տան մէջ, առանց ընտանիքին: Եւ ամէն առտու, նոյն ժամուն, անթերի կերպով հագուած, մօտէն ածիլուած եւ փողկապը ամուր կապած, սիկառը բերանին, անայլայլ շարժումով ան իր բանալին կը դարձնէր կանաչ դրան մէջ, կը մտնէր ներս, եւ վճռակամ քայլերով կը բարձրանար իր գրասենեակը։

Երեկուայ աշակերտներէն ոմանք հիմա զինք կը դիմաւորէին, անքուն աչքերով շրջակայքը դիտելով, կամ երբեմն իրեն կ’ընկերակցէին, չորս կողմերէն քալելով։ Շատ աւելի մտածկոտ էր ընկեր Տասնապետեանը, այդ օրերուն…

Գիշեր մը, ամայի շէնքէն ելաւ տուն վերադառնալու համար, եւ մէկու մը կարգն էր իրեն ընկերակցելու։ Ընկեր Տասնապետեան նայեցաւ այդ զինուած ու լուրջ պատանիին, անոր վիճակին եւ կրածին, կանգ առաւ եւ սիկառ մը վարեց։ Մութ էր եւ տաք։ Թանձր ծուխը բարձրացաւ անձկութեամբ լեցուն օդին մէջ։ «Արդէն որսորդ ես դուն» ըսաւ, խնդալով։ «Բայց այս պարագային, երանի թէ որսալիք չըլլայ բնաւ», կամ անանկ բան մը պատասխանեց լուրջ եւ անքուն պատանին։ Յետոյ երկուքն ալ լռեցին եւ առանց ոչ մէկ ուրիշ խօսքի, ուղղուեցան դէպի կանաչ դուռը։

Դէպքերու բերումով, հաւանաբար այդ առիթը վերջին անգամը եղաւ որ այդ նախկին աշակերտը այս կեանքին մէջ պիտի տեսնէր պարոն Տասնապետեանը։

Որքան արագ փոխուեցաւ ամէն բան։ Ամէն բան եւ ամէն մարդ։ Ցաւալի է նկատելը թէ այս տողերը գրողը դեռ քառասուն տարեկան չէ հասած… Եւ արդէն լման ուրիշ աշխարհի մը մասին կը խօսինք։

Ընկեր Տասնապետեանը, իր իւրայատուկ մակարդակին վրայ, ապրող վերջին խորհրդանիշն էր՝ որոշ ժամանակի մը։ Անցած ժամանակի մը պիտի չըսենք։ Ոչ տակաւին։ Նուազագոյնը` անպատշաճ կ’ըլլայ այդ, այդ շրջանի զաւակներուն, կորուսեալներուն եւ նուիրեալներուն նկատմամբ։

Սակայն նաեւ, ափ մը գաղափարական վերապրողներու համար, գոյատեւած կամ վերածնած հաւատացեալներու համար, հազիւ քառասուն տարեկան, ցիրուցան, խախտած եւ մոլորուն սերունդի մը համար, դեռ յստակ չէ կացութիւնը։ Դեռ յստակ չէ թէ, ընկեր Տասնապետեանի հետ, ճիշտ որքան բան կը թաղուի։ Անաւարտ է այս բոլորը։ Շարունակելի՞…

Սակայն մէկ բան ստոյգ է։ Այդ կանաչ դուռը, հիմա, վերջնականապէս գոցուեցաւ։  Այդ մէկ դուռն ալ եւս։

 

Մ. Հայդուկ Շամլեան

Քանատա, Մարտ 2001

Յ.Գ. / այժմէականացում, 26 Յունիս 2020 ՝

.  «Ճեմարանը» դպրոց ըլլալէ զատ, շատ ուրիշ ու այլ բաներ էր: Սակայն ինծի համար, նաեւ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս թաղն է: Իմ օրերուս, այդ պատմական հաստատութեան հին եւ նուազ հին ուսուցիչներէն շատերը, նաեւ մեր անմիջական դրացիներն էին:

. Ամէն անգամ որ միտքս գայ այդ իւրայատուկ վայրը, թերեւս դպրոցական յիշատակներէ աւելի՝ բազմաթիւ այլ բաներ դուրս կու գան: Պահեր, ապրումներ, որ անկարելի որ մէյ մըն ալ կրկնուին: Յիշողութեանս աչքերուն առջեւ, ճմլուող սրտիս մէջ, կը տողանցեն անձեր, յարգելի, սիրելի, աննման, անփոխարինելի մարդիկ, որոնք այլեւս՝ չկան: Եւ որոնց թիւը տեւաբար կ’աւելնայ:

Դեռ տարի մը չեղաւ, անոնց մաս կը կազմէ քոյրս…

. Այս յուշերուս վերաբերող ժամանակներուն, այսօրուայ պէս՝ անվերջ ու ամէն բան չէինք նկարեր: Բառացիօրէն, ամէն մարդը ձեռքը լուսանկարող գործիք չունէր: Հետեւաբար, սակաւաթիւ են այդ հեռաւոր ժամանակաշրջանի նկարները, ալ ուր մնաց՝ վիտէօներ:

Իսկ ես, 1982-էն ի վեր, երբեք չեմ վերադարձած Լիբանան: Սկիզբը, քանի որ չէի ուզեր, իսկ ետքը՝ առիթ չեղաւ:

Համացանցի վրայ սակայն, վերջերս, մի քանի անգամ «այցելեցի» Ճեմարանը, իր այժմու վիճակին մէջ:

Վերջին հաշուով, նախընտրելի էր որ չտեսնէի ներկայի այդ նկարները: Յիշողութեանս մէջ, աղաւաղեցին անցեալի, հարազատ պատկերները: Եւ քանի որ չունիմ անցեալի նկարներ, որոնք նաեւ շատ քիչ ու անբաւարար են Համացանցին վրայ, մտքիս մէջ՝ այդ ամբողջ անցեալի պատկերացումն է որ վնասուեցաւ…

. Պէտք է սակայն ընդգծել որ կալուածին վարձակալները իսկապէս շատ լաւ, շնորհքով, բարձր որակի եւ մակարդակի դպրոց մը կը վարեն այդտեղ: Տպաւորիչ է:

Ուրեմն, մեր Ճեմարանին ուսումնական ոգին գոնէ, պահպանուած է: Նոյնիսկ կարծես թէ, որոշ չափով՝ նաեւ ընկերային իւրայատուկ մթնոլորտը: Վերջապէս, ուսուցիչ, աշակերտ եւ նոյնիսկ վարչական պաշտօնեայ ճեմարանցիներու բազմաթիւ սերունդներու թրթռումները, յաւերժական ոգին, շունչն ու վերացական ժառանգը՝ մնացած են այդտեղ: Հաւանաբար վարձակալները այն բոլորէն քիչ մը վարակուեցան…

. Գնահատենք նաեւ այն իրողութիւնը որ կալուածին գործնականօրէն նոր տէրերը ընդունած են պահել Ճեմարանի հիմնադիրներու եւ առասպելական դէմքերէն մի քանի հատին կիսանդրիները:

Բայց արտաքին տեսքին կապակցութեամբ, խեղաթիւրումներ կան…

. Կալուածին հիմնական երեսը, մայր շէնքի ճակատը, դարձած է լման… վարդագո՛յն: Բացի եթէ այդպէս ըրած են, առ ի յարգանք մեր մանկապարտէզի առաջին դասարանի անունին, հասկնալի չէ այդ գոյնը ընտրութիւնը: Այսինքն, եղած մոխրագոյնը արդէն այդքան ալ մութ չէր, կրնային քիչ մը աւելի ալ բաց երանգով մը, նոյն գոյնը պահել, ըստ այնմ նորոգել:

. Երկինք սլացող արմաւենիները, սղոցուած են: Անոնց մե՞ղքը ինչ էր…

Պղտոր կերպով կը յիշեմ թէ պատերազմէն առաջ, այդ պատկառելի ծառերը կը խնամուէին, եւ բերքահաւաքի օր մը, վար  ինկած շատ արմաւներ կային, ուրախ-ուրախ հաւաքեցինք, բայց  յուսախաբուեցանք: Ուտելու համար հաճելի չէին, դեռ քիչ մը խակ ըլլալով՝ լեզուն կը թմրեցնէին: Չեմ գիտեր ինչ եղաւ, այդ օրը յանկարծ երեխաներու դիւցազներգական «կռիւ» մը սկսաւ մեր եւ մօտակայ ուրիշ դպրոցի մը աշակերտներուն միջեւ: արմաւները գործածեցինք իրենց վրայ նետելու համար:

Աւելի ուշ, քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երանի թէ միայն արմաւներով կռուէին, այդ թաղերուն մէջ եւս…

Հետաքրքրական է, ժամանակը հոսումով, այդ քիչ մը խաg պտուղներուն լեզուն խայթող համը անգամ, կարծես թէ քաղցր յիշատակ կը դառնայ:

. Վարի դարպասը նորոգած են, ատիկա ալ լաւ է, գեղեցիկ է, խանութի այդ հսկայ «տարապա»ն որ կար, շատ ալ վայելուչ չէր:

Սակայն կաղնիներով նստավայրին կողքի պատը, լման, անճոռնի կրաֆիթիով մը այլանդակուած է: Մինչդեռ, ոչ-դպրոցական որքա՜ն եւ ինչպիսի յիշատակներ ալ կան, ճիշդ այդտեղ:

. Իսկ վերեւի դամբանականին կապակցութեամբ, պիտի չհաւատաք… Կանաչ դուռը, հիմա… ճերմա՛կ է: Պապամ, կ’ուզէին կոր ներկել, լաւ, բայց չէի՞ն կրնան նոյն կամ նոյնանման գոյնով մը ներկել:

Ուրեմն այսպէս, վերեւի գրութեանս վերնագիրը դարձած է, ձեւով մը, անիմաստ:

Հեռաւոր – եւ անշուշտ հետեւաբար, լայնօրէն իտէալացած – անցեալի անգին յուշերու աշխարհին մէջ,այդ կանաչ դուռը ուրեմն ոչ միակ փակուեցաւ, այլ՝ անհետացաւ:

.  Բայց ամէն պարագայի, վերեւի դամբանական-յօդուածի թուականէն ետք, գրեթէ քսան տարիներ եւս անցան: Այդտեղ, վերջաւորութեան արտայայտուած յուզումնալից հարցականները, հիմա ժամանակավրէպ են: Այլեւս, իմաստէ զուրկ: Հիմնականօրէն նոր իրականութիւն մը հաստատուեցաւ, որ իսկական, նշանակալից որեւէ կապ չունի, նիւթի առարկայ անցեալին հետ:

Այո, ոչ միայն մէկ սերունդ, այլ երկու, երեք սերունդներ (գրեթէ բոլորիս արտագաղթը, թէկուզ հանգրուանաբար, սակայն համայն ընտանիքներով տեղի ունեցաւ), այդպէս, այդ կանաչ (այժմ, ճերմակ…) դուռին փողոցէն եւ շրջակայ թաղամասերէն, իրենց այդ նախնական աշխարհէն դուրս ելան, մարմնային եւ հոգեկան ծննդավայրէն արմատախիլ եղան, գացին, վերջնականապէս մեկնեցան, մէկ անգամ ընդ միշտ՝ այդտեղ, անհետացան:

Իր բոլորը նոյն նոր տեղը, կամ փոքր թիւով եւ իրարու մօտ այլ տեղեր չէ, որ վերահաստատուեցան: Այլ ձիր ու ցան եղան՝ այլ, բազմաթիւ աշխարհներ, մոլորակի ամէն կողմերը, այլազան այլ երկիրներ եւ քաղաքներ, այնուհետեւ իրենց կեանքերը շարունակելու համար իրարմէ ամբողջովին եւ յաւիտենապէս կտրուած, անջատուած, ամբողջովին տարբեր ուղիներով, էականօրէն տարբեր իրականութիւններու մէջ:

Իսկ այդ ամէնէն երեսուն, քառասուն եւ աւելի տարիներ անցնելէ ետք, ի՞նչ կրնայ մնալ՝ յիշողութիւններուն մէջ անգամ: Մօտաւոր յուշերու մի քանի նշխարներ, որոնց նշանակութիւնն ու արժէքը ենթակայական են, եթէ ոչ նոյնիսկ կամայական: Տարիքի առաջացումով, տարբեր տուեալներ իրարու հետ շփոթելու հակում մը, երբ մանկութեանդ վայրը կը շփոթես մանկութեանդ հետ, մինչ ապրումներդ՝ երկրորդին է որ կը վերաբերին, անկախաբար առաջինէն: Եւ վերջապէս, երբեմն, յանցանքի պատահական զգացումի պէս բան մը, երբ կ’անդրադառնաս որ չէ, այդքան ալ կարեւոր չէ, մասնաւոր իմաստ մը չունի, նոյնիսկ կրնայ վատառողջ ըլլալ՝ առ յաւէտ անցած ու վերջացած, կորսուած աշխարհ մը յիշելը, զայն հոգեպէս «վերապրելու» սին պատրանքով մոլորիլը:

.  Լիբանանի մէջ, Հայոց Սփիւռքը ապրեցաւ իր փառաւոր, սքանչելի Ոսկեդարը:

Այժմու իր վիճակին մէջ անգամ, այդ երկրի հայկական համայնքը կը մնայ իւրայատուկ, յատկապէս՝ հայապահպանման, հայապաշտպանման եւ Հայոց ազգային էական գիտակցութեան մակարդակներու վրայ:

Անոնք որոնք, գաղափարական, ազգասիրական, ազնիւ եւ անշահագրգիռ նկատառումներով՝ որոշեցին մնալ մեր Ազգի այդ յատուկ դիրքին վրայ, արժանի են համայն Հայութեան յարգանքին, զօրակցութեան, եւ որոշ մասնաւորապէս դժուար պահերու՝ մարդկային կարեկցութեան: Իսկ ամէն պարագայի, «տակը մնացողը» չեն, այդ բոլորը փոխադարձելն ալ լաւ գիտեն, աշխարհի բոլոր հայերու նկատմամբ…

Ոմանք պիտի ըսեն թէ այդ տեսակի, յանձնառու եւ նուիրեալ հայերէն, հաւանաբար շատ չէ մնացած, այդտեղ եւս: Բայց համեմատութեան կարգով, ե՞րբ է որ, այդպէս չէ եղած: Որեւէ ժամանակ, որեւէ տեղ: Ամէն մարդու գործը չէ, Յարատեւ Պայքարը…

. Աշխարհի ամէն կողմ ալ, որքան ժամանակ ալ որ անցնի՝ ոեւէ լիբանահայ, մինչեւ իր կեանքի վերջը, ուզէ կամ չուզէ, իր մէջ կը պահէ իր լիբանահայութիւնը:

Իրենց ծննդավայրէն արտագաղթած որոշ լիբանահայերու զաւակները իսկ, որոնք ծնած ու մեծցած են ուրիշ երկրի մէջ, ուրիշ ցամաքամասի վրայ, եւ երբեւիցէ ոտք իսկ չեն դրած Լիբանան, երբ որ օտար մը հետաքրքրուի իրենց արմատներով, նախ կը յայտնեն որ ծագումով հայ են, բայց կ’ուզեն նաեւ աւելցնել թէ իրենց ծնողները Լիբանան ծնած են:

.  Յամենայն դէպքս, այն ժամանակները որոնց կը վերաբերի եւ կ’ակնարկէ վերեւի դամբանականը, կը պատկանին հեռաւոր, անվերադարձ, անհետացած անցեալին:

. Փառք Աստուծոյ, բոլորիս համար, ներկան աւելի լաւ է: Իսկ ապագան, դեռ աւելի լաւ պէտք է որ ըլլայ:

.Կեանքի մէջ՝ երբ որ կանաչ դուռ մը փակուի, ճերմակ դուռ մը կը բացուի…

 

Հ.Շ.

 

 

 

 

 

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան

Հայդուկ Շամլեան ծնած է Լիբանան: Անունը իրեն շ...