image

Կարապետեան յայտնած ՀԵՑ-ի գործով միջազգային դատարանի մէջ յաղթանակի մասին. Փաշինեանի կառավարութիւնը հակադարձած է

Կարապետեան յայտնած  ՀԵՑ-ի գործով միջազգային դատարանի մէջ յաղթանակի մասին. Փաշինեանի կառավարութիւնը հակադարձած է

Սամուէլ Կարապետեանը ՀԵՑ-ը պետականացնելու գործով յաղթած է ՀՀ կառավարութեան միջազգային դատարանէն ներս։ Այս մասին յայտնած է «Սամուէլ Կարապետեանի պաշտպանութեան խորհուրդ»‎ դիմատետրեան էջը։

Իրաւարարական գործի քննութիւնը Կարապետեաններու ընտանիքը նախաձեռնած է Սթոքհոլմի առեւտրային պալատի իրաւարարական հիմնարկին մէջ (SCC)` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ 1995-ի յունուար 18-ին կնքուած Ներդրումներու խրախուսման եւ պաշտպանութեան համաձայնագրով սահմանուած կարգով։ Գործի քննութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցիչը։

2025-ի յուլիս 22-ին Սթոքհոլմի առեւտրային պալատի իրաւարարական հիմնարկի նշանակած հրատապ արպիթրաժը պարտաւորեցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռնպահ մնալ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» փակ բաժնետիրական ընկերութեան նկատմամբ վերջերս ընդունուած «ուժանիւթի մասին» եւ «Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող մարմնի մասին» ՀՀ օրէնքներով սահմանած դրոյթներու կիրառումէն, ինչպէս նաեւ «ՀԵՑ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բռնագրաւման հետագայ քայլերէն»։

Դատարանը եկած է այն եզրայանգման, որ անհրաժեշտ է կիրառել ապահովման անյետաձգելի միջոցներ, քանզի Հայաստանի Հանրապետութեան գործողութիւնները «Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ գործող փոխադարձ ներդրումներու փոխադարձ պաշտպանութեան համաձայնագրին համապատասխանելու լուրջ կասկածներ կ՚առաջացնեն»։ Դատարնը նաեւ նշած է, որ «ապահովման անյետաձգելի միջոցներու բացակայութեան պայմաններու մէջ հայցուորներու համար դժուար պիտի ըլլայ ստանալ վնասի ամբողջական հատուցում, եթէ անոնք կորսնցուցած են ընկերութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը, կամ, ինչն աւելի վատ է՝ դադրին ըլլալ ատոր սեփականատէրը»։

Արտակարգ  որոշումը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ենթակայ է պարտադիր կատարման։

Այս յայտարարութենէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը այս վճռի վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածեց՝ նշելով, որ հրատապ գործով քննուած հարցերու (վէճի) շրջանակն այլ է, քան ժամանակաւոր կառավարիչ նշանակելու որոշման նպատակները եւ վերջինիս կողմէ իրականացուելիք գործողութիւններու շրջանակը:

«Մասնաւորապէս, ժամանակաւոր կառավարչի նշանակմամբ հետապնդուող նպատակն է, ի թիւս այլնի,

-միտումնաւոր եղանակով էներգետիկ ճգնաժամի ստեղծման ռիսկերի կանխարգելումը,

-հանրային կարգի ապահովումը, պետական անվտանգութեանը սպառնացող հնարաւոր ռիսկերի վերացումը,

-ՀԵՑ-ում տեղի ունեցած չարաշահումների քօղարկման բացառումը եւ հետագայ չարաշահումների կանխարգելումը:

Յարգանքով վերաբերուելով օտարերկրեայ արբիտրաժների որոշումներով կիրառուող ապահովման միջոցներին, միեւնոյն ժամանակ բոլորը պարտաւոր են առաջնորդուել նաեւ ՀՀ օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային պայմանագրերով, որոնցով սահմանուած են արբիտրաժային որոշումների ճանաչման եւ կատարման կարգերը եւ ընթացակարգերը»:

ՀԵՑ-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Նարեկ Կարապետեանն իր դիմատետրեան էջին գրած է, որ ՀԵՑ-ը պետականացնելու գործով միջազգային դատարանին մէջ Սամուէլ Կարապետեանի յաղթանակը կ՚ենթադրէ, որ դատարանն արգիլած է ՀՀ կառավարութեան՝

• բռնագրաւել կամ վաճառել ՀԵՑ-ի աւանդները

• փոխել ՀԵՑ-ի կառավարման մարմիններու կազմը

• ետ վերցնել ՀԵՑ-ի գործունէութեան արտօնագրերը

• եւ որեւէ կերպ սահմանափակել ընկերութեան բնական ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը։