image

Պէյրութի մէջ. Օրը ցերեկով թալան եւ սպառնալիք (Բացառիկ տեսանիւթ)

 Պէյրութի մէջ. Օրը ցերեկով թալան եւ սպառնալիք (Բացառիկ տեսանիւթ)

📌Լիբանանի անվտանգութեան անմխիթար իրավիճակին մասին տարբեր առիթներով գրած ենք։

Իրավիճակն այնքան բարդ դարձած է, որ օրը ցերեկով  մոթոցիգլէթով երթեւեկող երիտասարդներ կը յաջողին թալանել անցորդները։ 

Նման դէպք մը կատարուած է օրերս՝ Պէյրութի՝ քրիստոնեաներով բնակեցուած (ընդ որում հայաշատ) Զալքա շրջանին մէջ, երբ երկու երիտասարդներ իրենց մոթոցիքլէթով մօտեցած են դէպի փուռը առաջացող տիկնոջ մը ու արագ շարժումով խլած  անոր պայուսակն ու խոյս տուած։

Յանցագործներու շարժումը անակնկալի բերած է խեղճ կնոջ, որ արագ շարժումի ի հետեւանք գետնին տապալած է։

Ըստ երեւոյթին նման դէպքեր սկսած են ստանալ շարունակական բնոյթ, որուն համար ալ յատկապէս ընկերային հարթակներու օգտատէրեր սկսած են աղմուկ բարձրացնել ու ահազանգել, որ իրաւապահ մարմիններ պարտաւոր են արագ շարժիլ եւ նոյնիսկ կախաղաններու դիմել՝ փրկելու համար նախ պետութեան վարկը, ապա թալանի ենթարկուող եւ անվտանգային լուրջ սպառնալիքներու տակ յայտնուած սովորական քաղաքացիները։

Նշենք նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է Լիբանանի մէջ մեծ հռչակ ունեցող Wooden Bakery փուռերու ցանցի Զալքա մասնաճիւղի կառատան առջեւ։

🛜@Arevelkam

Լուրը համադրեց՝  Arevelk.am-ը