image

Պէյրութ.Միսաքի եւ Սարինի ամուսնութիւնը

 Պէյրութ.Միսաքի եւ Սարինի ամուսնութիւնը

Օրերս Պէյրութի մէջ Սուրբ Խորանին առջեւ ընտանիք կազմելու եւ սիրոյ ուխտը կեանքի վերածելու երդում տուած են  պէյրութահայ երիտասրդ զոյգ՝ Միսաքն ու Սարինը։

Այս ուրախ առիթը կիսելով ստորեւ կը ներկայացնենք  բախտաւոր  զոյգի փեսայ՝  Միսաք Տաղլեանի եղբօր՝ Գէորգ Տաղլեանի   գրառումը`

 

Սրտի անհուն ուրախութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան եւ մեր ընտանիքին հարազատ հոգեշնորհ.Տէր Յովակիմ վրդ.Բանճարճեանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի քահանայից դասին մաս կազմող եւ մեր ընտանիքին հարազատ՝ արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ Լոշխաճեանին, Տէր Սուրէն Արսլանեանի եւ ծխատէր քահանան ներկայացնող Տէր Առաքել քհնյ.Տմտմեանին, որոնք մասնակից դարձան եղբօրս Միսաքին եւ Սարինին Ս. Պսակի արարողութեան: