image

Պէյօղլուի տատմական ֆրանսական որբանոցը բացուեցաւ այցելուներու առջեւ

Պէյօղլուի տատմական ֆրանսական որբանոցը բացուեցաւ այցելուներու առջեւ

Պէյօղլուի 19-րդ դարէն հասած պատմական Ֆրանսական որբանոցի շէնքը անվճար այցելութեան համար բացուած է հանրութեան առջեւ՝ այցելուներուն ներկայացնելով ոչ միայն կառոյցին պատմութիւնը, այլեւ Պոլսոյ ճարտարապետական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ ունեցող զարդաքանդակներու եւ կաղապարներու հարուստ հաւաքածոյ մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շէնքի մէջ պահպանուած են քաղաքի պալատներու եւ պատմական շէնքերու զարդաքանդակներու բազմաթիւ կաղապարներ

....

Տեղական մամուլի հաղորդումներուն համաձայն, Պէյօղլուի պատմական Ֆրանսական որբանոցի շէնքը անվճար այցելութեան համար իր դռները բացած է հանրութեան առջեւ։ 19րդ դարէն հասած կառոյցը ուշագրաւ է ո՛չ միայն իր անցեալով, այլեւ Պոլսոյ արհեստագործական պատմութեան հետ ունեցած սերտ կապով։

Շէնքը 1868ին որպէս որբանոց կառուցուած է ֆրանսացիներու կողմէ, ապա ժամանակի ընթացքին ծառայած է նաեւ այլ նպատակներով։ 1957ին որբանոցի՝ Պէպէք փոխադրուելէն ետք, այս կառոյցը միջոց մը գործածուած է իբրեւ ծխախոտի մթերանոց, իսկ 1970ականներէն սկսեալ դարձած է արհեստանոց։

Այս շրջանին շէնքի պատմութիւնը կապուած է յատկապէս հայ վարպետ Բարսեղ Ճէզայիրլեանի անունին։ Ան ձեռնարկած է ծեփազարդի եւ զարդաքանդակներու կաղապարներու պատրաստութեան։ Աշխատանքը ապա շարունակած են որդին՝ Կարապետ Ճէզայիրլեան, ինչպէս նաեւ իր հասցուցած վարպետները՝ Քեմալ Ճընպըզ եւ Ճեմալ Ճընպըզ։

Տարիներու ընթացքին արհեստանոցին մէջ հաւաքուած են Պոլսոյ ճարտարապետական ժառանգութեան ուշագրաւ նմոյշներ։ Պահպանուած կաղապարներուն շարքին են օրինակներ որոնք գործածուած են Տոլմապահչէի, Եըլտըզի եւ Պէյլէրպէյի պալատներու, ինչպէս նաեւ քաղաքի բազմաթիւ պատմական լեւանտական շէնքերու զարդարանքներուն մէջ։

Այս հարուստ հաւաքածոյի շնորհիւ երբեմնի որբանոցը այսօր այցելուներուն կը ներկայացնէ նաեւ Պոլսոյ՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուած արհեստագործական մշակոյթին ուշագրաւ մէկ էջը։