Պէյօղլուի քաղաքապետութեան օրերս կազմակերպած «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր» մշակութային փառատօնի շրջածիրէն ներս, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այցելուներուն ներկայացուած է իր պատմական ու մշակութային ժառանգութեամբ։ Մասնակիցներուն եկեղեցւոյ պատմութեան, անցած հանգրուաններուն եւ պոլսահայ համայնքային կեանքին մէջ ունեցած դերին մասին խօսած է պատմաբան-հետազօտող Տքթ. Էլմոն Հանչէր։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Եւրոպական ժառանգութեան օրեր
Պէյօղլուի քաղաքապետութեան կողմէ այս օրերուն կը կազմակերպուի «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր» մշակութային փառատօնը, որու ծիրին մէջ, 17 Սեպտեմբերին այցելուներու առջեւ բացուեցան Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատմութեան էջերը։ Այցելուներուն խօսեցաւ պատմաբան-հետազօտող Տքթ. Էլմոն Հանչէր, որ մօտաւորապէս երկուքուկէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպման ընթացքին մասնակիցներուն ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմական անցեալը, անոր կրած փոփոխութիւնները եւ դերը՝ պոլսահայ համայնքային կեանքէն ներս։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այս առիթով այցելուներուն ներկայացաւ ո՛չ միայն որպէս կրօնական կառոյց, այլ նաեւ քաղաքի հայկական բազմադարեան ներկայութեան ու մշակութային ժառանգութեան կարեւոր վկաներէն մէկը։ Տքթ. Հանչէր իր բացատրութիւններով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան զանազան հանգրուաններուն՝ զանոնք կապելով Պոլսոյ հայ համայնքի անցեալին եւ ներկայ կեանքին։
Այցելութեան ուշագրաւ բաժիններէն մէկը եղաւ Կոլոտ Պատրիարքի շիրիմ այցելութիւնը։ Մասնակիցները այսպիսով առիթ ունեցան ծանօթանալու նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան այն շերտերուն, որոնք անմիջապէս տեսանելի չեն, սակայն անբաժանելի մասն են անոր հոգեւոր ու պատմական ժառանգութեան։
Յայտագրի աւարտին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի Խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տքթ. Էլմոն Հանչէրի՝ եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու հայ համայնքին համար անոր նշանակութիւնը հանգամանօրէն ներկայացուցած ըլլալուն համար։ Պր. Արծիւեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան՝ հայկական այս պատմական սրբավայրը «Եւրոպական ժառանգութեան օրեր»ու ծրագրին ընդգրկած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ քաղաքապետութեան Արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Աթա Աթէշին՝ նախաձեռնութեան իրականացման բերած նպաստին համար։
