image

Պէտք է հրապարակաւ ցուցադրենք մեր սպառազինութիւնը․ Փաշինեան

Պէտք է հրապարակաւ ցուցադրենք մեր սպառազինութիւնը․ Փաշինեան

Հրապարակային պէտք է ցոյց տանք մեր սպառազինութիւնը։ Այս մասին Կապանի մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Ես 2-3 ամիս առաջ յայտարարութիւն արեցի, որ այն քաղաքացիները, որոնք ուզում են տեսնել, թէ ինչ ենք ձեռքբերել, կը տանեմ, ցոյց կը տամ։ Արդէն մի քանի խումբ հրաւիրել, տարել, ցոյց եմ տուել, սակայն մարդկանց թիւն այնքան մեծ է, որ եկանք այն եզրակացութեան, որ բոլորին պէտք է  ցոյց տանք, հրապարակային պէտք է ցոյց տանք։ Մենք, սակայն, դա անում ենք խաղաղութիւնը ընդգծելով եւ խաղաղութեան համատեքստում. խաղաղութիւն է, մեր հարեւանների հետ լարուածութիւն չկայ, մեր հարեւանները, յոյս ունենք, որ դա չեն ընկալի որպէս ագրեսիւութեան ցուցադրութիւն»,-ըսած է Փաշինեանը։

Ան ընդգծած է, որ ժողովուրդի առջեւ հաշուետւութիւն պիտի ներկայացնեն, եւ այդ, երեւի, մայիսին տեղի պիտի ունենայ։ Ընդ որում` պիտի ցուցադրեն միայն իրենց իշխանութեան օրօք եւ հիմնական 2022 թուականէն ետք ձեռքբերուած սպառազինութիւնը։