image

Պայտըն «սպասուած» յաղթանակը գրանցեց Հարաւային Քարոլայնայի մէջ

Պայտըն «սպասուած» յաղթանակը գրանցեց Հարաւային Քարոլայնայի մէջ

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Ճօ Պայտըն յաղթած է Հարաւային Քարոլայնայի մէջ ժողովրդավարներու նախնական ընտրութիւններուն՝ «փրայմըրիզ»ին։ Ան ստացած է ձայներու աւելի քան 96 տոկոսը, յայտնած է apnews.com-ը։

Նոյն նահանգին մէջ ժողովրդավարական թեկնածուներ՝ գրող Մարիան Ուիլիամսընը եւ քոնկրեսական Տին Ֆիլիփսը հաւաքած են համապատասխանաբար 2% եւ 1,6% ձայներ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան նոյեմբեր 5-ին։ Հանրապետական կուսակցութենէն ամենահաւանական թեկնածուն 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփն է։