Բանակցութիւններու արդիւնքները կը զիջին բանակցային գործընթացի բուն ընթացքին։ Այս մասին եռակողմ հանդիպման ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Բայց թերեւս սխալ կ'ըլլար ըսել, որ դրական արդիւնքներ ընդհանրապէս չկան կամ գոյութիւն չունին։ Այսօր կը կարծեմ՝ հնարաւորութիւն կ'ըլլայ միտքերու փոխանակում ընել հարցերու բոլորի շրջանակներու մասին եւ աւանդաբար այսպիսի ձեւաչափերուն մենք հայկական պատուիրակութեան հետ սովորաբար աւելի ուշադրութիւն կը դարձնենք խաղաղութեան պայմանագրի մնացած յօդուածներու վրայ»,- նշած է ան: