Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Հայաստան կարիքները գնահատող ԵԱՀԿ առաքելութիւն ուղարկելը կազմակերպութեան «մանթատի բացայայտ խախտում» կը համարէ։ Այդ մասին ան յայտարարած է ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի 29-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին մէջ։
Պայրամով դժգոհած է, որ Ատրպէյճան «երկար տարիներ տառապած է չարաշահումներէ» կազմակերպութենէն ներս համաձայնութեան հասնելու հարցի շուրջ։
«Այս պայմաններուն մէջ, այսպէս կոչուած, «կարիքներու գնահատման առաքելութիւն» առանց համաձայնութեան Հայաստան ուղարկելը բոլոր մասնակից պետութիւններու հաւաքական կամքով ընդունուած մանթատի բացայայտ խախտում է։ ԵԱՀԿ բոլոր հիմնարկները, ներառեալ նախագահութիւնը եւ քարտուղարութիւնը, ստեղծուած են որպէս ընդհանուր արժէքներ բոլոր մասնակից պետութիւններու համար։ Համապատասխան կերպով գործելու անկարողութիւնը կը խաթարէ վստահութիւնը: Ատրպէյճանը կոչ կ'ընէ այդ հիմնարկներուն ուղղելու իրենց մանթատներու կոպիտ խախտումը»,- ըսած է ան: