image

Պոլիս. Նշուեցաւ «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գործունէութեան 45-ամեակը

Պոլիս. Նշուեցաւ «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի գործունէութեան 45-ամեակը

Պոլսոյ Էսաեան Սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի յոբելեանը, օրերս, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս արժանացած է մասնաւոր ուշադրութեան: Կարպիս Չափքանի գեղարուեստական գործունէութեան 45-ամեակը նշուած է մեծարանքի եւ գնահատանքի երեկոյթով մը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շաբաթ երեկոյեան, Էսաեան Սանուց Միութեան Մարալ երգի ու պարի անսամպլի անդամները, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր բարձր ներկայութեամբ, հանդիսաւոր կերպով նշեցին պարախումբի հիմնադրութեան 45-ամեակը։ Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութեան անդամներու նախաձեռնութեամբ համոյթի 45րդ տարեդարձի ընդմէջէն մեծարուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Կարպիս Չափքան, որ պատուաբեր հանգրուանի հասցուցած է «Մարալ»ը։ Միջոցառումը անակնկալ մը եղաւ Կարպիս Չափքանի ու իր Տիկնոջ՝ Իրիս Չափքանի համար։ Երկրորդ անակնկալն ալ Պատրիարք Հօր ժամանումն էր։ Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց թէ՛ հիւրերուն, թէ՛ Չափքան ամոլին։

Կարպիս Չափքանի համար յատուկ պատրաստուած կարկանդակը կտրուեցաւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ Մարալցի անդամներու հետ միասին։ Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր գնահատանքի խօսքերը ուղղեց թէ՛ երիտասարդ Մարալցիներուն, եւ թէ՛ օրուան մեծարեալ Կարպիս Չափքանին ու անոր կողակցին՝ Իրիս Չափքանին։ 

Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան Սանուց Միութեան Ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան ու կազմակերպչական յանձնախումբի անդամները՝ Տիգրան Տիւլկէրեան, Վարդուհի Մսըրլըեան եւ Արի Չոլաք։ 

Տիկին Տրամէրեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց «Մարալ»-ի յարատեւ գոյատեւման կարեւորութիւնը՝ բոլոր հիմնարկութիւններուն եւ համայնքի անդամներուն աջակցութեամբ։

Երեկոյին մասնակցեցան շուրջ 100 հիւրեր։ Տի Ճէյ Արաս Մանուկեանի եւ կիթառահար Սարվէն Թեմիզէլի կողմէ հրամցուեցան հայերէն երգեր եւ հեշտալուր մեղեդիներ, որոնց ընկերակցութեամբ երիտասարդները պարեցին ու երգեցին, վայելելով հայաշունչ գիշեր մը։