image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց տարեկան ընդհանուր ժողովը. զայն աւանդաբար կը գումարուի Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով

ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց տարեկան ընդհանուր ժողովը. զայն աւանդաբար կը գումարուի Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով

Երեքշաբթի 10 Փետրուարի առաւօտուն, նախագահութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ հոգեւորականաց տարեկան անդրանիկ ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցեցան Թեմի զանազան շրջաններու ծառայող հոգեւոր հայրերը։ 

Առաջնորդարանի դիւանէն կը տեղեկանանք, որ ժողովը ընթացաւ եղբայրական, աղօթական եւ ծառայական պատասխանատուութեան մթնոլորտի մէջ։ Ժողովը բացուեցաւ միասնական աղօթքով։

Ապա Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի Տէր ննջած հոգելոյս նախկին Թեմակալ Առաջնորդներու եւ հոգեւորականներու հոգիներուն համար՝ Տիրոջմէ ողորմութիւն եւ երկնային հանգիստ խնդրելով։ Ներկաները լռութեամբ եւ խոկումով յարգեցին իրենց նախորդ ծառայակիցներու յիշատակը։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողակարգ Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներուն առիթով։ Սրբազան Հայրը քրիստոնէական սիրով ողջունեց ներկաները՝ շեշտելով, թէ հոգեւորականաց տարեկան այս անդրանիկ համախմբումը, որ աւանդաբար կը գումարուի Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, ոչ միայն վարչական կամ կազմակերպչական բնոյթ ունի, այլ առաջին հերթին հոգեւոր կեանքի եւ ծառայութեան յանձնառութեան վերանորոգութեան հրաշալի առիթ է։

Ան նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով իր շնորհաւորանքը փոխանցեց Արեւմտեան Թեմի անձնուէր հոգեւորականութեան, որ ուխտած է Քրիստոսի սէրը քարոզել, հաւատքը պաշտպանել եւ ժողովուրդին ծառայել հաւատարմութեամբ։ Իր բացման պատգամին մէջ Սրբազանը անդրադարձաւ հովուական ծառայութեան առաքելական բնոյթին, հոգեւորականի կոչման պատասխանատուութեան եւ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց Քրիստոսակեդրոն ծառայութեան անհրաժեշտութեան։ Ան յատկապէս շեշտեց միասնական նպատակասլաց ծառայութեան, փոխադարձ զօրակցութեան եւ կանոնաւոր հոգեւոր կեանքի կարեւորութիւնը։ Ժողովի ընթացքին Սրբազան Հայրը ներկայացուց նաեւ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած անփոփ խորհրդածութիւն մը՝ հիմնուած Պօղոս Առաքեալի Եփեսացւոց թուղթին վրայ։ Ան խօսեցաւ Աստուծոյ մեծ ողորմութեան մասին, որ Քրիստոսով մարդուն նոր կեանք կը պարգեւէ։ Յիշեցուց Առաքեալի պատգամը՝ «հաւատքի վահանը» առնելու եւ սիրոյ ճանապարհով ընթանալու մասին, որպէսզի ծառայութիւնը ըլլայ կենդանի վկայութիւն։ Սրբոց Ղեւոնդեանց նահատակութիւնը ներկայացուց որպէս հաւատքի քաջութեան եւ ինքնընծայման լուսաւոր օրինակ՝ իբրեւ մշտական ներշնչում հոգեւորական ծառայութեան համար։ Օրակարգի քննարկումներուն մէջ ընդգրկուած էին Թեմի հոգեւորականաց առաջարկները Եպիսկոպոսաց ժողովին, ներառեալ Առաջնորդի առաջարկները, որոնք կազմուած էին նախորդ Հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողովի (15 Յունուար) եւ Վարչական ժողովներու (27 Յունուար եւ 3 Փետրուար) քննարկումներուն հիման վրայ։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Թեմական Խորհուրդի յայտարարութիւնը եւ հրապարակումը։ Բարձրաշնորհ Առաջնորդը ներկայացուց ընդարձակ զեկոյց՝ Թեմական կեանքին եւ ծառայութեան տարբեր բնագաւառներուն վերաբերեալ։ Ան անդրադարձաւ թեմական եւ վարչական կառոյցներու գործունէութեանց, Պատգամաւորական ժողովին, կրթական հաստատութիւններուն՝ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններուն, երիտասարդական միութիւններուն (AYCO–CYMA), սարկաւագաց պատրաստութեան դասընթացքներուն, տիկնանց միութիւններուն, երգչախումբերուն եւ «Ներուժ» ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։ Զեկոյցին մէջ տեղ գտան նաեւ քահանայից թեկնածուներու պատրաստութեան ընթացքը, Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի առաքելութիւնը, առաքելական ծուխերու (Mission Parishes) զարգացումը, stewardship նախաձեռնութիւնները, թեմական ճամբարը, Յովսէփեան վարժարանը, նորարարութեան ծրագիրները, դասախօսական շարքերը եւ ծխականներու մասնաւոր ուղեցոյց ձեռնարկը։ Ներկայացուեցան նաեւ Թեմի 100-ամեակի եւ Reclaim նախաձեռնութիւններու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ քարոզչութեան նուիրուած յատուկ միջոցառումները։ Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովի ընթացքին տակաւին քննարկուեցան կարգապահական հարցեր, Թեմէն ներս եկեղեցական կարգ ու կանոնի պահպանման դիտարկումով։ Իսկ հոգեւոր հայրերը ներկայացուցին իրենց ծխական զեկոյցները՝ լուսաբանելով տեղական հովուական կեանքը, ձեռքբերումները, մարտահրաւէրներն ու ապագայի ծրագիրները։ Քննարկումները ընթացան կառուցողական ոգիով։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւն բերին 35 հոգեւորականներ։ Մօտաւորապէս 10 հոգեւորականներ առողջական եւ այլ բանաւոր պատճառներով չկրցան մասնակցութեան իրենց բաժինը բերել ժողովին։ Ժողովէն ետք, երեկոյեան ժամը 6-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով Մայր Տաճարէն ներս մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասին։ Պատարագը մատուցեց Արժանապատիւ Տէր Քահանայ Մովսէսեանը։ Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Արեւմտեան Թեմէն ներս հոգեւորականաց ընդհանուր ժողովը եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց յիշատակի Սուրբ Պատարագը դարձան հաւատքի վերանորոգութեան, ժողովուրդանուէր ծառայութեան յանձնառութեան, Աւետարանի քարոզութեան, Հայրենիքի շինութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան նուիրուած ուխտի հրաշալի առիթներ։

Դիւան Առաջնորդարանի 11 Փետրուար 2026