ԱՄՆ-ի «Թէքէեան Մշակութային Միութեան» շրջանակներ օրերս գուժած են միութեան նիուրեալ անդամուհիներէն՝ Մարօ Պետրոսեանի կորուստը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք տխրունիին առթիւ հրապարակած մահագրութիւնը, որ լոյս տեսած է Մոնթրէալի «Ապագայ» թերթին մէջ։
Խոր ցաւով կը գուժենք՝ մահուան տխուր լուրը, Թ.Մ.Մեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ նուիրեալ եւ վաստակաշտ անդամ՝ Մարօ Պետրոսեան-ի։
Հանգուցեալը բացառիկ սէր եւ գուրգուրանք ունէր հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ: Ան մասնաւորապէս 30 տարիներէ ի վեր կը գլխաւորէր Թ.Մ.Մեան Հայաստանի ուսուցիչներու օգնութեան ծրագրի աշխատանքները:
Հանգուցեալի կեանքի փառաւորանքը եւ յուղարկաւորութիւնը Հիուսթըն, Թեքսասի մէջ՝ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ 31 Յունուար 2026-ին:
Փոխան ծաղկեպսակի, ընտանիքին փափաքն է՝ որ նուիրատուութիւնները կատարուին Թ.Մ.Մի Ուսուցիչներու Օգնութեան Ֆոնտին:
****
Այս տխուր առիթով Թ.Մ.Միութեան կեդրոնական Վարչութիւնը կու գայ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելու հանգուցեալի հարազատներուն եւ ընտանքի բոլոր պարագաներուն: