Տոհայի գագաթնաժողովը դեկտեմբեր 5-ին վերահաստատած է, որ Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կանգնած է Պաղեստինի ժողովուրդի կողքին, կ՚ապահովէ մշտական աջակցութիւն՝ մեղմելու Կազայի հատուածի ժողովուրդի տառապանքը:
Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կը ձգտի նաեւ օգնութեան ձեռք մեկնել՝ վերականգնելու այն, ինչ վերջին տարիներուն Կազայի հատուածի վրայ յարձակումներու միջոցով աւերած է Իսրայէլի ռազմական մեքենան։
Պարսից ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը պարտաւորուած է լրացուցիչ 1,646 միլիառ տոլար յատկացնել՝ ի լրումն ուղղակի երկկողմանի օգնութեան՝ Կազայի հատուածի վերականգնման Համագործակցութեան խորհուրդի՝ 2009 թուականին հաստատուած ծրագրի շրջածիրէն ներս: