Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան օրերս առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունած է Իսլամ կրօնապետներու մէկ պատուիրակութիւնը։
«Արեւելք» թեմի դիմատետրեան էջէն քաղելով այդ մասին տրուած լրատւութիւնը ստորեւ կը ներկայացնէ իր ընթերցողներուն։
Հինգշաբթի 17 Յուլիս 2025ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Իսլամ Կրօնապետներու պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կեդրոնական վարչութեասն ատենապետ պարոն Կարապետ Գալուստեանը։