Օրերս հայանպաստ կեցուածքներով յայտնի պատմաբան եւ ուսմունասիրող՝ Դոկտ. Ժաուատ ալ-Պայտանի այցելութիւն տուած է Պաղտատի Ազգային Առաջնորդարան եւ ընդունուած Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի կողմէ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հակիրճ հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ օր, 1 Նոյեմբեր 2025-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց "الجمعية العراقية لعلم التأريخ" (Պատմական գիտութիւններու Իրաքի միութիւն) նախագահ Դոկտ․ Ժաուատ Ալ-Պեյտանին։ Հանդիպման ներկայ էին Հոգեւորականաց դասը եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն․ Կարապետ Գալուստեանը։
Հանդիպման աւարտին Դոկտ. Պէյտանին պատւոգրեր յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր և Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին։
