image

«Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը բացասական․ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն

«Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը բացասական․ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն

Վրաստանի ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚ուզէ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայենը, շեշտելով՝

«Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին օրէնքը կը հակասէ Եւրոպական Միութեան հիմնական սկզբունքներուն եւ արժէքներուն՝ բացասաբար ազդելով Վրաստանի՝ դէպի Եւրոպական Միութիւն ուղիի վրայ: Մենք կը դիտարկենք բոլոր տարբերակները եւ կոչ կ՚ընենք կառավարութեան վերահաստատելու դէպի Եւրոպական Միութիւն ձգտումները»:

Նշենք, որ Վրաստանի խորհրդարանը 84 կողմ ձայներով շրջանցած է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի դէմ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի վեթռօն:

Նշուած է, որ օրէնքն ուժի մէջ պիտի մտնէ հրապարակուելու յաջորդ օրը։ Վերջնականապէս ուժի մէջ մտնելու համար օրէնքը պէտք է ստորագրէ Վրաստանի նախագահը: Եթէ ան հրաժարի, օրէնքը պիտի ստորագրէ խորհրդարանի նախագահը։ Օրէնքի գործողութիւնը կասեցնելու համար ընդդիմութիւնը կրնայ դիմել Սահմանադրական դատարան: