Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական քարտէսը այսօր կը վերաձեւաւորուի ոչ միայն պատերազմներու, այլեւ տնտեսական եւ ռազմավարական նոր համագործակցութիւններու միջոցով։ Այն, ինչ առաջին հայեացքով կը թուի ուժանիւթի, առեւտուրի կամ ենթակառոյցներու շուրջ սովորական համաձայնութիւն, շատ յաճախ կը ծածկէ տարածաշրջանային ուժերու նոր դասաւորումներ եւ ազդեցութեան նոր մրցակցութիւն։
Այս ծիրին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ վերջին շրջանին արձանագրուած զարգացումները կը գերազանցեն երկկողմ յարաբերութիւններու սահմանները։ Անգարայի մէջ Իրաքի վարչապետ Ալի ալ-Զայտիի եւ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողանի հանդիպումը նոր էջ մը բացաւ երկու երկիրներու համագործակցութեան մէջ։ Նաւթատար խողովակաշարերէն մինչեւ ելեկտրականութիւն, անվտանգութենէն մինչեւ «Զարգացման ճանապարհ» տնտեսական միջանցք, երկու մայրաքաղաքները կը փորձեն փոխադարձ շահերու վրայ կառուցել աւելի խոր եւ երկարաժամկէտ գործընկերութիւն։
Այս մերձեցումը տեղի կունենայ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Հորմիւզի նեղուցին շուրջ անորոշութիւնը, տարածաշրջանային հակամարտութիւնները եւ համաշխարհային ուժանիւթային շուկաներու վերադասաւորումը նոր ընտրանքներ կը պարտադրեն բոլոր դերակատարներուն։ Թուրքիա կը ձգտի ամրապնդել իր դիրքը որպէս տարածաշրջանային տարանցիկ եւ ուժանիւթային հանգոյց, մինչ Իրաք կը փնտռէ իր տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական շարժունակութիւնը ընդարձակելու ուղիներ։
Սակայն այս պատմութիւնը միայն տնտեսութեան կամ ուժանիւթի մասին չէ։ Ան նաեւ ազդեցութեան, անվտանգութեան եւ նոր տարածաշրջանային առանցքներու ձեւաւորման մասին է։ Այդ իսկ պատճառով Թուրքիա–Իրաք ներկայ մերձեցումը արժանի է դիտուելու որպէս Մերձաւոր Արեւելքի փոխուող աշխարհաքաղաքական իրականութեան կարեւոր ազդանշաններէն մէկը։
Այս նոր մօտեցման ամենէն տեսանելի արտայայտութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ եղաւ։ Թուրքիան եւ Իրաքը մէկ տարուան համաձայնագիր ստորագրեցին Իրաք–Թուրքիա նաւթատար խողովակաշարի օգտագործման շուրջ՝ մինչ կը շարունակուին երկարաժամկէտ նոր համաձայնութեան բանակցութիւնները։ Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ օրական 750 հազար տակառ իրաքեան նաւթի փոխադրութիւն դէպի Ճէյհան, որ այսօր կը դիտուի որպէս Միջերկրականի կարեւորագոյն ուժանիւթային հանգոյցներէն մէկը։
Անգարա, սակայն, չի բաւարարուիր միայն տարանցիկ երկրի իր դերակատարութեամբ։ Թուրքիոյ պետական նաւթային ընկերութեան՝ իրաքեան Քէրքուքի նաւթահանքերուն մէջ ներդրում կատարելու ծրագիրը եւ Իրաքի կողմէ օրական մինչեւ մէկ միլիոն տակառ նաւթի մատակարարման պատրաստակամութիւնը կը վկայեն, որ երկու երկիրները կը ձգտին երկարաժամկէտ փոխկապակցուածութեան։
Կասկածէ վեր է անշուշտ, որ ուժանիւթի այս համագործակցութիւնը կը գերազանցէ նաւթի սահմանները։
Նոյն օրերուն Իրաքը վերսկսաւ Թուրքիայէն 600 մեկաուաթ ելեկտրականութեան ներմուծումը՝ երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրական կապի գիծի վերագործարկումէն ետք։ Թէեւ կողմերը տակաւին կը բանակցին վճարումներու ձեւաչափին շուրջ, փաստը այն է, որ Թուրքիան արդէն կը դառնայ ոչ միայն իրաքեան նաւթի արտահանման հիմնական ուղին, այլեւ Իրաքի ուժանիւթային անվտանգութեան մէկ կարեւոր օղակը։
Այս զարգացումները պատահական ժամանակաշրջանի չեն համընկնիր։
Քէրքուք–Ճէյհան նաւթամուղի 1975-ի համաձայնագիրի ժամկէտի աւարտը, Հորմիւզի նեղուցին շուրջ շարունակուող անորոշութիւնը, Իրան–Իսրայէլ դիմակայութեան հետեւանքները եւ Եւրոպայի ուժանիւթի նոր աղբիւրներ որոնելու քաղաքականութիւնը ամբողջութեամբ փոխած են տարածաշրջանի հաշուարկները։ Այս պայմաններուն մէջ Թուրքիան կը ձգտի ամրապնդել իր դիրքը որպէս ուժանիւթի տարանցման գլխաւոր հանգոյց, իսկ Իրաքը կը փորձէ «ազատիլ» Պարսից ծոցէն իր գրեթէ ամբողջական կախուածութենէն։
Սակայն տնտեսական շահերը միայն մէկ կողմն են պատկերին։
Անվտանգութիւնը այսօր նոյնքան կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ թուրք–իրաքեան երկխօսութեան մէջ։ Թուրքիան կը շարունակէ առաջնահերթ համարել Իրաքի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող գործող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) հարցը եւ կը ձգտի, որ Պաղտատ աւելի աշխոյժ դեր ստանձնէ այդ ուղղութեամբ։ Այսպիսով, անվտանգութեան, ուժանիւթի եւ տնտեսութեան հարցերը աստիճանաբար կը միաւորուին նոյն ռազմավարական օրակարգին մէջ։
Այս ամբողջին կ՛աւելնայ նաեւ «Զարգացման ճանապարհ» հսկայ ծրագիրը, որ Պասրայի նաւահանգիստը պիտի կապէ Թուրքիոյ եւ անկէ՝ Եւրոպայի հետ։ Եթէ ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականանայ, անիկա կրնայ վերաձեւել Մերձաւոր Արեւելքի առեւտրական քարտէսը եւ Թուրքիա–Իրաք առանցքը վերածել Ասիան ու Եւրոպան իրար կապող նոր տնտեսական միջանցքի։
Այսօրուան պատկերին մէջ ակնյայտ է, որ Անգարա եւ Պաղտատ այլեւս միայն երկկողմ յարաբերութիւններ չեն կարգաւորեր։ Անոնք կը փորձեն կառուցել փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած նոր ռազմավարական գործընկերութիւն, ուր նաւթը, ելեկտրականութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ենթակառոյցները կը ծառայեն նոյն քաղաքական նպատակին։
Հետեւաբար, վերջին համաձայնութիւնները պէտք չէ դիտել որպէս առանձին տնտեսական գործարքներ։ Անոնք մէկ ամբողջութեան մաս կը կազմեն, որ կրնայ առաջիկայ տարիներուն ձեւաւորել ոչ միայն Թուրքիա–Իրաք յարաբերութիւններուն ապագան, այլ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի ուժանիւթային եւ աշխարհաքաղաքական նոր հաւասարակշռութիւնը։
Անվտանգութենէն դէպի ռազմավարական դաշինք
Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ արձանագրուող այս նոր մերձեցումը կը վկայէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տնտեսական համագործակցութիւնը այլեւս չի սահմանափակուիր առեւտրական կամ ուժանիւթային հաշուարկներով։ Այս գործակցութիւնը աստիճանաբար պիտի վերածուի աշխարհաքաղաքական գործիքի, որուն շնորհիւ նշեալ երկու պետութիւնները պիտի փորձեն ամրապնդել իրենց դիրքերը փոխուող տարածաշրջանային միջավայրին մէջ։
Անգարայի եւ Պաղտատի համագործակցութեան խորացումը կրնայ զգալի ազդեցութիւն ունենալ ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլեւ ամբողջ շրջանին վրայ։ Եթէ ներկայ նախաձեռնութիւնները շարունակական բնոյթ ստանան, Թուրքիան աւելի եւս պիտի ամրապնդէ իր դիրքը որպէս Եւրոպան, Մերձաւոր Արեւելքն ու Ասիան կապող ուժանիւթային եւ փոխադրական առանցք, մինչ Իրաքը պիտի փորձէ ընդարձակել իր տնտեսական եւ ռազմավարական ընտրանքները՝ նուազեցնելով իր կախուածութիւնը աւանդական ուղիներէն։
Սակայն այս գործընթացին յաջողութիւնը կախեալ պիտի մնայ բազմաթիւ գործօններէ՝ Իրաքի ներքին քաղաքական կայունութենէն, անվտանգութեան մարտահրաւէրներու յաղթահարումէն, տարածաշրջանային մրցակցութիւններէն եւ միջազգային դերակատարներու ազդեցութենէն։ Ուստի, այս օրերուն ստորագրուած համաձայնութիւնները ոչ թէ վերջնական հանգրուան են, այլ աւելի մեծ վերադասաւորման սկիզբ, որուն իրական հետեւանքները պիտի չափուին յառաջիկայ տարիներուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի նոր ուժային հաւասարակշռութեան ձեւաւորման ընթացքին։
Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ եւ Իրաքի յարաբերութիւններուն առանցքը գրեթէ բացառապէս անվտանգութիւնն էր։ Անգարան Պաղտատին կը մօտենար նախ եւ առաջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) սպառնալիքին դիտանկիւնէն՝ Իրաքի հիւսիսին իր զինուորական ներկայութիւնը եւ սահմանային գործողութիւնները հիմնաւորելով այդ օրակարգով։
Սակայն այսօր այդ պատկերը զգալիօրէն կը փոխուի։ Ալի ալ-Զայտիի Անգարա կատարած այցելութիւնը, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «պատմական» որակեց, շատ աւելին է, քան նաւթի, խողովակաշարերու կամ տնտեսական համաձայնութիւններու շուրջ ձեռք բերուած փոխըմբռնում։ Անիկա կը խորհրդանշէ Թուրքիոյ փորձը՝ Իրաքի հետ կառուցելու աւելի լայն ռազմավարական գործընկերութիւն, ուր անվտանգութիւնը կը միախառնուի ուժանիւթին, առեւտուրին, ենթակառոյցներուն եւ տարածաշրջանային ազդեցութեան նոր հաշուարկներուն։
Այս նոր մերձեցումը, սակայն, բոլորին համար նոյնքան յուսադրիչ չէ։ Իրաքի Քրտական Ինքնավար շրջանին մէջ աճող մտահոգութիւն կայ, թէ Անգարայի եւ Պաղտատի յարաբերութիւններու խորացումը կրնայ աստիճանաբար սահմանափակել Էրբիլի քաղաքական եւ տնտեսական դերակատարութիւնը։ Այդ մտավախութիւնը աւելի կը խորանայ այն պայմաններուն մէջ, երբ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Թոմ Պարաքի միջնորդական ջանքերը եւս կը մեկնաբանուին որպէս Պաղտատի դիրքերու ամրապնդման աջակցութիւն։
Այս առումով, Թուրքիա–Իրաք ներկայ մերձեցումը պէտք չէ դիտել միայն որպէս ուժանիւթային կամ տնտեսական պատմութիւն։ Անիկա նաեւ իշխանութեան, ազդեցութեան եւ տարածաշրջանային նոր հաւասարակշռութիւններու վերաձեւաւորման պատմութիւնն է, ուր խողովակաշարերը երբեմն աւելի շատ կը խօսին քաղաքականութեան մասին, քան՝ նաւթի։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս