image

«Օփընհայմըր»-ը՝ լաւագոյն ֆիլմ, Քիլիան Մըրֆին՝ տարուան դերասան․ Յայտնի են «Օսքար 2024»-ի յաղթողները

«Օփընհայմըր»-ը՝ լաւագոյն ֆիլմ, Քիլիան Մըրֆին՝ տարուան դերասան․ Յայտնի են «Օսքար 2024»-ի յաղթողները

Շարժանկարի աշխարհի ամենահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկու՝ «Օսքար» մրցանակի յանձնման 96-րդ արարողութիւնը աւարտած է, բոլոր անուանակարգերու յաղթողներն արդէն յայտնի են։ Մրցանակաբաշխութիւնը ուղիղ եթերով կը հեռարձակէր ABC հեռուստաալիքը։

«Լաւագոյն շարժանկար» անուանակարգի յաղթող դարձած է«Օփընհայմըր» (Oppenheimer) ֆիլմը, իսկ «Լաւագոյն օտարալեզու շարժնկար» անուանակարգի յաղթող՝ «Հետաքրքրութիւններու գօտի»-ն (The Zone of Interest)։

Տարուան Լաւագոյն դերասանուհի մրցանակին արժանացած է Էմմա Սթոունը («Խեղճուկրակները» Poor Things), իսկ լաւագոյն դերասանի մրցանակին՝ Քիլիան Մըրֆին («Օփընհայմըր», Oppenheimer)։

«Լաւագույն բեմադրիչ» անուանակարգի մրցանակին արժանացած է Քրիսթոֆըր Նոլանը («Օփընհայմըր», Oppenheimer), «Լաւագոյն երգ» անուանակարգին՝ What Was I Made For? երգը («Պարպի»), «Լաւագոյն վաւերագրական շարժանկար»  անուանակարգին՝ «20 օր Մարիուփոլի մէջ»-ը (20 Days in Mariupol), «Լաւագոյն դիւրացուած բեմագրութիւն» անուանակարգին՝ «Ամերիկեան ֆիքշն»-ը (American Fiction), «Լաւագոյն բեմագրութիւն» անուանակարգին՝  «Անկման անաթոմիա» (Anatomy of a Fall), իսկ «Լաւագոյն տարազներ» անուանակարգին՝ «Խեղճուկրակները» (Poor Things) շարժանկարը։

«Երկրորդական դերի լաւագոյն դերասան» ճանչցուած է Ռոպերթ Տաունի կրտսերը  («Օփընհայմըր», Oppenheimer), իսկ «Երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանուհի»՝ Տիվայն Ճոյ Ռենտոլֆը («Լքուածները», The Holdovers)։

«Լաւագոյն գծանկարային (animation) շարժանկարի» անուանակարգին յաղթող ճանչցուած է «Տղան եւ ձկնկուլը» (Kimitachi wa Dou Ikiru ka) ստեղծագործութիւնը, «Լաւագոյն ձայն» անուանակարգին՝ «Հետաքրքրութիւններու գօտի» (The Zone of Interest) շարժապատկերը։