image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ Նուիրեալ բժիշկ տօքթ. Շահէ Պալիոզեանի մահը՝Երեւանի մէջ

  Հալէպահայ Նուիրեալ բժիշկ տօքթ. Շահէ Պալիոզեանի մահը՝Երեւանի մէջ

Իր հարազատները եւ անմիջական շրջանակի ծանօթներն ու բարեկամները միշտ բարիով պիտի յիշեն հայրենասէր բժիշկին ծառայութիւնները եւ հայրենասիրական մօտեցումները։

 Աւելորդ է ըսել, որ բժիշկը մեծ ցաւ ապրեցաւ Արցախեան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմի հետեւանքները տեսնելէ ետք ու իր աչքերը փակեց խոր հիասթափութեան մը ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։

 

Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Սուրիահայ շրջանակներուն մօտ ծանօթ անուն հանդիսացող՝ տօքթ. Շահէ Պալիոզեանը  (Ծն. Հալէպ, 1949-ին) ։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցը, որպէս բժիշկ շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ շրջան մըն ալ գործեց, որպէս Բերձորի հիւանդանոցի տնօրէն։

 Հալէպ ծնած եւ բնիկ Այնթէպցի ծնողներու զաւակ բժիշկ նուիրական անուն էր, ան միշտ ալ կանգնած է համայնքի կողքին եւ երեւելի բարերարութիւններ կատարած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին ե որպէս ուրարակիր դարձած է նոյն եկեղեցւոյ մէկ անդամը, տեւաբար մասնակցութիւն բերելով եկեղեցական արարողութիւններուն։

 Իր հարազատները եւ անմիջական շրջանակի ծանօթներն ու բարեկամները միշտ բարիով պիտի յիշեն հայրենասէր բժիշկին ծառայութիւնները եւ հայրենասիրական մօտեցումները։

 Աւելորդ է ըսել, որ բժիշկը մեծ ցաւ ապրեցաւ Արցախեան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմի հետեւանքները տեսնելէ ետք ու իր աչքերը փակեց խոր հիասթափութեան մը ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։

Հանգուցեալի  հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի այսօր՝ 27  2022-ին  5 -րդ Մասիվի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը ՝18:00,-ին իսկ թաղման կարգը վաղը  յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին նոյն վայրին մէջ։ 

 

 

 Հոգիին՝ լոյս եւ յաւերժ յիշատակ։