Օրերս Երեւանի մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած է Հալէպի ծնունդ՝ Վարդուհի Շազողլեանը (Ծնեալ 1952 թուականին՝ Հալէպ)։
Ինչպէս մեծ թիւով այլ հայրենակիցներ տիկին Վարդուհին եւս ստիպուած եղած է հեռանալ իր սիրելի ծննդավայր՝ Հալէպէն։
Բոլորուած իր զաւակներով եւ թոռներով անոր Երեւանեան կեանքը անցած է դժուարին փուլերէ մասնաւորապէս ծանր հիւանդութեան պատճաբով, որուն հետեւանքով ալ ան մահացած է օրեր առաջ։
Նուիրեալ մայր չորս զաւակներու տիկին Վարդուհին եղած է միշտ պատրաստ եղած հասնելու իր զաւակներուն եւ նուիրական զգացումներով պատել զանոնք։
Սէրը մեծագոյն բանալին է հայ աւանդական ընտանիքներու գոյացման ու Տիկին Վարդուհին եղած է լաւագոյնը այդ սէրն ու նուիրականութիւնը բաշխելու իր սիրելիներուն ու շրջապատին մէջ։
Նշենք, որ հանգուցեալ Տիկն. Վարդուհի Շազողլեանի (Ծնեալ ՝Պոզոյեան ) յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին Ուրբաթ 30 Յունիս 2023-ին Երեւանի Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։